image

Չինաստանի ռազմածովային ուժերու հետազօտական նաւը մտած է Ճափոնի տարածքային ջուրեր

Չինաստանի ռազմածովային ուժերու հետազօտական նաւը մտած է Ճափոնի տարածքային ջուրեր

Չինաստանի ռազմածովային ուժերու հետազօտական նաւը շաբաթ առաւօտեան մտած է Ճափոնի տարածքային ջուրեր Քութինոերապու կղզիէն արեւմուտք: Ճափոնի պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ նաւը ջուրէն դուրս ելած է մօտ երկու ժամ անց:

Այդ կապակցութեամբ երկրի Արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուած է Չինաստանի գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը, որուն բողոք ներկայացուած է ։

Ինչպէս հաղորդած է NHK հեռատեսիլային ալիքը, Թոքիօ կը վերլուծէ չինական կողմի նպատակները: 

Նշուած է, որ նման հետազօտական նաւերը կրնան տուեալներ հաւաքել ծովու յատակի եւ ջուրի ջերմաստիճանի մասին, որոնք կրնան օգտագործուիլ սուզանաւերու նաւարկութեան համար: