image

Իրանը հետազօտական արբանեակ ուղարկած է տիեզերք

Իրանը հետազօտական արբանեակ ուղարկած է տիեզերք

Իրանը տիեզերք ուղարկած է «Չամրան-1» հետազօտական արբանեակը, որու հիմնական գործառոյթը ուղեծիրային խուսանաւելու ճարտարագիտութեան փորձարկումն է, այս մասին իր կայքով յայտնած է Իսլամական յեղափոխութեան պահապաններու ջոկատը: 

«Այսօր առաւօտեան Չամրան-1 հետազօտական արբանեակը արձակուած է տիեզերք Qaem-100 հրթիռի միջոցաւ եւ յաջողութեամբ մտցուած ուղեծիր 550 քիլոմեթր բարձրութեան վրայ»,- ըսուած է  պաշտօնական` sepahnews.ir լրատուական կայքին մէջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ։