image

Ներկայիս մեր վերահսկողութեան տակ է Ռուսիոյ տարածքի մօտ 1,000 քառ. քմ․ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հրամանատար

Ներկայիս մեր վերահսկողութեան տակ է Ռուսիոյ տարածքի մօտ 1,000 քառ. քմ․ Ուքրանիոյ զինուած ուժերու հրամանատար

Ուքրանիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Ալեքսանդր Սիրսքի նախագահ Զելենսքիին  զեկուցած է ռազմաճակատի վրայ Ուքրանիոյ պաշտպանական գործողութիւններու եւ Քուրսքի շրջանի գործողութիւններուն մասին։

Այս մասին Զելենսքին յայտարարած է երկուշաբթի օր։

«Ամենակարեւորը Գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Ալեքսանդր Սիրսքիի զեկոյցն էր ռազմաճակատի վրայ մեր պաշտպանական գործողութիւններու եւ Քուրսքի շրջանի գործողութեան վերաբերեալ։

Մենք շնորհակալ ենք բոլոր զինուորներուն ու հրամանատարներուն իրենց տոկունութեան եւ վճռական գործողութիւններուն համար»,- ըսած է Զելենսքին։

Զելենսքի յայտարարած է, որ Սիրսքի ըսած է, որ ուքրանացի զինուորականները յարձակողական գործողութիւն կ'իրականացնեն Քուրսքի շրջանին մէջ։

«Ներկայիս մեր վերահսկողութեան տակ է Ռուսիոյ Դաշնութեան տարածքի մօտ 1,000 քառ.»,- ըսած է Սիրսքի։