Երկուշաբթի 4 սեպտեմբեր 2016-ին, Մեծ Բրիտանիայէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Մեծ Բրիտանիոյ թագաւորական (Լորտերու) պալատի ներկայացուցիչներու եւ կրօնական առաջնորդներու, պաշտօնական այցով ժամանած են Հալէպ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Պատուիրակութիւնը հիւրընկալուած է Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ նախագահ՝ Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի, քրիստոնէական եկեղեցիներու եւ մահմետական համայնքներու կրօնական առաջնորդներու, ինչպէս նաեւ Հալէպի նահանգապետի, ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսի եւ այլ պատասխանատուներու եւ հանրութեան կողմէ: Այս առթիւ յատուկ պաշտամունք մատուցուած է «Փրկենք Հալէպը» խորագրով, նպատակ ունենալով վերականգնել Մեծ Բրիտանիոյ եւ Սուրիոյ հասարակութեան միջեւ կտրուած կապերու կամուրջը: «Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններուն համաձայն, սոյն պատուիրակութեան Հալէպ տուած այս այցի յաջողութեան առընթեր կարեւոր եւ հիմնական ներդրում ունեցած Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանը: