image

Աթէնքի մէջ. ՀՅԴ Պատուիրակութիւն մը այցելեց Գերպ. Տ. Սահակ ծ.վրդ.ին

Աթէնքի մէջ. ՀՅԴ Պատուիրակութիւն մը այցելեց  Գերպ. Տ. Սահակ ծ.վրդ.ին

Օրերս իր պաշտօնը ստանձնած Յունաստանի Հայոց  (Կիլիկեան) Թեմի առաջնորդ Գերպ. Տ. Սահակ ծ.վրդ. Եմիշեան ընդունած է Յունաստանի ՀՅԴ  մարմնի պատուիրակութիւնը։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ  Թեմի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ այդ մասին տրուած լրատատւութիւնը

 

Չորեքշաբթի, 9 Հոկտեմբերին Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, Առաջնորդ Հայր Սուրբը ընդունեց Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին այցելութիւնը։ Կեդր. Կոմիտէն բարի գալստեան եւ պաշտօնի ստանձման իր ջերմ շնորհաւորութիւնները փոխանցեց թեմակալ Առաջնորդին, մաղթելով առաջնորդական բեղուն շրջան մը Յունաստանի թեմէն ներս։

Թեմակալ Առաջնորդը իր շնորհակալութիւնները յայտնեց Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէին՝ այցելութեան եւ բարեմաղթանքներուն համար եւ իր վստահութիւնը արտայայտեց գաղութային բազմերես գործունէութեան յաջողութեան գծով։

Հանդիպման ընթացքին, զրոյցը կեդրոնացաւ յունահայ գաղութի ազգային, եկեղեցական, կրթական եւ ընկերային թեմաները շօշափող նիւթերու շուրջ, շեշտը դնելով յունահայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն վրայ։ 

Երկուստեք կարեւորութեամբ ընդգծուեցաւ նորընտիր Առաջնորդի դերն ու ներդրումը յունահայութեան ազգային կեանքի հզօրացման ուղիին վրայ, ժողովուրդին մօտ հոգեմտաւոր եւ ընկերային կարիքներու գոհացման, ինչպէս նաեւ երիտասարդ տարրի ներգրաւման անհրաժեշտութեան մասին՝ գաղութային կազմակերպ իրականութեան մէջ։ Այս ուղղութեամբ մեծապէս գնահատուեցաւ հայկական վարժարաններու դերը եւ անոնց գործունէութեան առընթեր` ազդու ու ընդլայնուած շրջանակի կատարելագործումը։

Զրոյցը ընդլայնեցաւ հայութիւնը յուզող խնդիրներուն, ինչպէս նաեւ ապագայի գաղութային նախաձեռնութիւններու գործնական քայլերու շուրջ, շեշտելով միասնական համագործակցութեան կարեւորութիւնը։