Մարմնամարզութեան Եւրոպայի մեծահասակներու մրցումներու եզրափակիչ փուլին Հայաստանի ներկայացուցիչ Արթուր Դաւթեան գրաւած է երրորդ հորիզոնականը նժոյգ թափեր վարժութեան մէջ։ Այս մասին յայտնած է armsport.am:
Մեր մարզիկը վաստակած է 14,266 միաւոր։
Առաջին տեղը գրաւած է իրլանտացի Ռիս Մաքլենատա, երկրորդ տեղը՝ պելճիքացի Մաքսիմ Ժենդյէս։
Յիշեցնենք, որ Եւրոպայի ախոյեանութեան բազմամարտի վարժութեան մէջ Արթուր Դաւթեան չորրորդ տեղը գրաւած էր։