Օրերս Գերմանիոյ Աւետարանական Եկեղեցւոյ բարեսիրական թեւին («Կուսթաֆ-Ատոլֆ-Վերք») ներկայացուցիչներ ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոն այցելած են։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այցին մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Գերմանական Աւետարանական Եկեղեցւոյ բարեսիրական թեւին («Կուսթաֆ-Ատոլֆ-Վերք») ՄԱՀԱԵՄի կեդրոնատեղին այցելեցին 2 Փետ. 2026ին։ Վեր. Դոկտ. Մարթին Տուցման (Նախագահ), Վեր. Էննօ Հաաքս (Ընդհ. Քարտուղար) եւ Քաթիա Պուք (եկեղեցիի եւ Միջին Արեւելքի մասին լրագրող ու Հետազօտող) մտերմիկ զրոյցի ժամ մը անցուցին Միութեան Նախագահի Տեղապահին, հովիւներու եւ աշխարհական առաջնորդներու հետ, աւելիով ծանօթանալու ՄԱՀԱԵՄի բազմազան ծառայութիւններուն։
