image

Հրայր Թովմասեանի վերաբերեալ կայացուած մեղադրական դատավճիռը մտած է օրինական ուժի մէջ

Հրայր Թովմասեանի վերաբերեալ կայացուած մեղադրական դատավճիռը մտած է օրինական ուժի մէջ

Արդարադատութեան նախկին նախարար Հրայր Թովմասեանի վերաբերեալ կայացուած մեղադրական դատավճիռը մտած է օրինական ուժի մէջ։ Այս մասին կը հաղորդեն Գլխաւոր դատախազութենէն։

 

Գլխաւոր դատախազութիւնը 2025-ի հոկտեմբեր 6-ին տեղեկացուցած էր, որ Վերաքննիչ հակափտածութեան դատարանը անփոփոխ ձգած է ՀՀ արդարադատութեան նախկին նախարար Հրայր Թովմասեանի վերաբերեալ Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի դատավճիռը՝ զայն մեղաւոր ճանչնալով 18.04.2003-ին ընդունուած Քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցանքներու կատարման մէջ. մեղսագրուած արարքները վերաբերած են Հրայր Թովմասեանի կողմէ ՀՀ արդարադատութեան նախարար աշխատած ժամանակահատուածին պաշտօնական լիազօրութիւններու չարաշահման։

Երեւան քաղաքի առաջին ատեանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը 2024-ի Սեպտեմբեր 20-ի դատավճռով Հրայր Թովմասեանը մեղաւոր ճանչցած էր 18.04.2003-ին ընդունուած Քրէական օրէնսգիրքի 308-րդ յօդուածի 1-ին մասով նախատեսուած յանցանքներու կատարման մէջ (երկու դրուագ) եւ զայն ազատած էր քրէական պատասխանատուութենէն՝ վաղեմութեան ժամկէտները 2019-ին անցած ըլլալու պատճառաբանութեամբ։

Դատավճիռին դէմ դատախազի կողմէ ներկայացուած էր վերաքննիչ բողոք՝ արարքներու վերաորակման եւ վաղեմութեան ժամկէտի կիրառման մասով, իսկ պաշտպաններու կողմէ ներկայացուած էին վերաքննիչ բողոքներ՝ խնդրելով Հրայր Թովմասեանի անմեղութիւնը ճանչնալ։ Վերաքննիչ հակափտածութեան դատարանը 2025-ի Սեպտեմբեր 30-ին որոշում կայացուցած էր բողոքները մերժելու եւ դատավճիռը անփոփոխ ձգելու մասին։

Հակափտածութեան վերաքննիչ քրէական դատարանի 2025-ի սեպտեմբեր 30-ի որոշուման դէմ ՀՀ գլխաւոր դատախազը, մեղադրեալը եւ անոր պաշտպանը ներկայացուցած էին վճռաբեկ բողոքներ։

 

Վճռաբեկ դատարանի հակափտածութեան պալատը 2026-ի փետրուար 12-ին որոշում կայացուցած է ներկայացուած բողոքները վարոյթ ընդունիլը մերժելու մասին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Հրայր Թովմասեանի վերաբերեալ կայացուած մեղադրական դատավճիռը 2026-ի փետրուար 12-էն մտած է օրինական ուժի մէջ։