image

Ծանրորդ Մերի Միսակեանը՝ երիտասարդներու Եւրոպայի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր

Ծանրորդ Մերի Միսակեանը՝ երիտասարդներու Եւրոպայի առաջնութեան պրոնզէ մետալակիր

Հայաստանը ներկայացնող ծանրորդները կը շարունակեն պայքարը Ալպանիոյ մէջ ընթացող Եւրոպայի երիտասարդներու եւ մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյեանութեան:

Երիտասարդներու մրցաշարին, պայքարի մէջ մտան 69 քկ. քաշային կանայք:

Հայաստանէն Մերի Միսակեան պոկում վարժութեան բարձրացուց 88 քկ. ու 92 քկ.: Այս ձեւին մէջ ան 4-րդն է: Հրում վարժութեան Միսակեան գլխավերեւը պահեց 114 քկ. եւ 118 քկ.: Այս վարժութեան Միսակեան դարձաւ արծաթէ մետալակիր:

Երկամարտի 210 քկ.  արդիւնքով` Մերի Միսակեան երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեանութեան երրորդն է: