image
Հրատապ լուրեր:

Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան նախագահեց Ռազմիկ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեանի գնահատանքի երեկոյին

Առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան նախագահեց Ռազմիկ Ա. Քհնյ. Խաչատուրեանի գնահատանքի երեկոյին

Ուրբաթ, 23 Յունուարի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի նախագահութեամբ, Պեվըրլի Հիլզի մէջ տեղի ունեցաւ գնահատանքի յատուկ երեկոյ մը, որ նուիրուած էր շուրջ երեք տասնամեակներ հոգեւորականի իր կերպարը խոնարհութեամբ եւ յարգալիր գործունէութեամբ պարուրած՝ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեանի՝ անոր ծննդեան տարեդարձին առիթով:

Սրբազան հօր կողքին ճաշկերոյթին ներկայ եղան Թորգոմ արք. Տօնոյեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան եւ կինը՝ Յասմիկը, Ազգային վարչութեան անդամներ, ծխական շրջանի Ազգային երեսփոխաններ, հոգաբարձուներ, Տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներ եւ ընտանեկան պարագաներ:

Այս առիթով, Գեղամ արքեպիսկոպոսը բարձր գնահատեց տէր Ռազմիկի հոգեւոր եւ ազգային նուիրուածութիւնն ու առաւել քան երեսուն տարիներու վաստակը՝ յանուն Հայ եկեղեցւոյ պայծառացման, համայնքային կեանքի առաւել բարգաւաճման եւ շրջապատին հետ համերաշխ եւ սիրալիր գործակցութեան մէջ, ապա ան շնորհաւորեց հոգեւոր հովիւին տարեդարձը եւ օրհնեց զայն՝ երկար կեանք ու ծառայական բեղուն գործունէութիւն մաղթելով անոր: Ներկաներէն շատեր եւս հնչեցուցին գնահատանքի եւ շնորհաւորական խօսքեր՝ տէր Ռազմիկին մաղթելով արեւշատութիւն եւ երկար ծառայութիւն:

Իր խօսքին մէջ, առաջնորդը նաեւ գնահատեց Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութիւնը՝ յօրինակ այլոց գնահատելի այս նախաձեռնութեան համար եւ նշեց, որ անիկա պերճախօս արտայայտութիւնն է ծիսական եկեղեցւոյ գործօն անդամներու միջեւ համերաշխ եւ յարգալիր գործակցութեան, որուն երաշխաւորն է հոգեւոր հովիւին գիտակից եւ պատասխանատու ծառայական գործելաձեւը: