Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներու հարցը միանշանակ բարձրաձայնուած է։ Կայ երկկողմ փոխըմբռնում, որ խնդիրը պէտք է կարգաւորուի սահմանազատման գործընթացի պարունակին մէջ։ Այդ մասին ասուլիսի ընթացքին ըսած է «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան անդամ Նարեկ Մինասեանը՝ անդրադառնալով Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու՝ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման քննարկումներուն։
«Ասեմ աւելին, առաջիկայում նախատեսւում է նաեւ երկու երկրների սահմանազատման յանձնաժողովների հանդիպում:
Հաշուի առնելով, որ նախորդն Ադրբեջանի տարածքում էր տեղի ունեցել, ամենայն հաւանականութեամբ, այս անգամ Հայաստանի տարածքում տեղի կ՚ունենայ»,- ըսած է ան:
Յիշեցնենք, որ 2026-ի փետրուար 13–14-ին «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Հայաստանի մէջ կայացած է երկկողմ կլոր սեղան, որուն ընթացքին հանդիպած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութիւններու ներկայացուցիչները։ Ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը Հայաստան ժամանած է ցամաքային սահմանի սահմանազատուած եւ սահմանագծուած հատուածով՝ անցնելով բոլոր համապատասխան ընթացակարգերը։