image

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (38)

Միասնաբար փրկենք հայերէնը (38)
  1. Տառադարձական հարցեր

Տառադարձել կը նշանակէ օտար բառ մը՝ յատուկ կամ հասարակ, փոխադրել սեփական լեզուի կամ որեւէ այլ լեզուի՝ ջանալով հարազատօրէն վերարտադրել այդ օտար  բառին արտասանութիւնը  տառադարձելի լեզուով: 

Օրինակ՝

--Ֆրանսերէն Georges յատուկ անուան հայերէն Ժորժ արձանագրումը,

--Անգլերէն pizza հասարակ անուան հայերէն փիցցա արձանագրումը: 

Ասոնք երկուքն ալ տառադարձութիւն են:

                                                                     *   *   *

Տառադարձութիւնը ազգային ուղղագրութիւններու մէկ անքակտելի մասն է,  եւ ինչպէս ամէն ազգային ուղղագրութիւն, ան հիմնուած է որոշ կանոններու վրայ, որոնք յղացուած   ու վաւերացուած են պետականօրէն եւ պարտադիր են տուեալ լեզուով տառադարձութիւն կատարողներուն:

Արեւմտահայերս պետութիւն չենք ունեցած, հետեւաբար տառադարձական ոչ մէկ կանոն մշակուած է, այս պատճառով ալ ոչինչ կ’արգիլէ, որ իմ Ժորժ տառադարձութիւնս ուրիշներ տառադարձեն Ժօրժ, Ժոռժ, Ժօռժ եւ այլն, կը բաւէ, որ անոր կամ անոնց արտասանութիւնը հարազատօրէն վերարտադրէ տառադար-ձելի օտար անունը: 

Մեր մէջ յաճախ արտասանական տարրական հարազատութիւնն իսկ չէ յարգուած. օրինակ՝ արաբական جعجع  յատուկ անունը մերոնք տառադարձած են երեք տարբեր ձեւերով եւ տարբեր  արտասանութեամբ՝

Ժաաժաա Ժաաժա Ժահժահ

Տարբեր կը գրուի Սուրիոյ յեղափոխական կառավարութեան ղեկավարին՝ արդի Սուրիոյ նախագահին մականունը եւս, որ  الشرع է եւ կը տառադարձուի՝ Շարաա Շարա Շարհ

Եւ այս խայտաբղէտութիւնը՝ ափ մը Լիբանանի մէջ, ուր այս այլազան տառադարձութեանց բանիբուն հեղինակները յաճախ կը հանդիպին իրարու, կը զրուցեն քիչ մը ամէն բանի՝ օդի ու ջուրի  մասին, յատկապէս կը ծրագրեն  Ապրիլ 24-ի միատեղ ու միասնական յիշատակումը... տարին անգամ մը, - բայց ահա ոչ մէկուն միտքին ծայրէն իսկ կ’անցնի առաջարկել, որ, «եղբա՛յր, ամօ՜թ է,  սա… սա… սա բաները եկէք միաձեւ գրենք»:

Քաւ լիցի… 

Ուղեղները այնքան քաղաքականացած են, որ լեզուի կամ ուղղագրութեան միօրինակութիւնը հոգերնուն վերջինն է... ներողութիւն, ան բնաւ ալ գոյութիւն չունի, ոչ իսկ վերջին շարքի վրայ: 

Մեծ բացական է ան՝ հոգիներէն ու միտքերէն:

Սակայն իրերու մեր դրուածքին մէջ հետեւանքը ուրիշ  չէր կրնար ըլլալ:

            Այդ ցանկալի միօրինակութիւնը յաճախ չենք գտներ նոյնիսկ անհատական մակարդակի վրայ, այլ խօսքով՝ գրողներ ունինք, որոնք նոյն բառը նոյնաձեւ  չեն տառադարձեր, այլ՝ խելքին փչած ուղղութեամբ՝ օր մը այսպէս, օր մը այնպէս,  նայած թէ  ուրկէ՞ կը փչէ հովը, եւ հէգ ընթերցողները պարտաաւորուած են  ենթարկուելու  անոր մտային ձաբռտուքներուն ու քմահաճոյքին:    

 

  1. Եւ արդարեւ...

«Ազդակ» ի վաղուց անտի  եւ մինչեւ  երէկ արաբական  فياض  անունը գրած է Ֆայեատ :    

Ստորեւ վկայութիւններ՝

--Ազդակ, 30 օգոստոս 2016

--Ազդակ, 28 օգոստոս 2017

--Ազդակ, 30 յուլիս 2019

--Ազդակ, 1 մայիս 2025  

Եւ ահա այսօր՝ 12/6/2025 սկսած է գրել...Ֆայիատ

Գրաշարական վրէպ կրնայ ըլլալ,մտածեցի ու շարունակեցի: 

Բայց  ան կրկնուեցաւ ճիշդ չորս անգամ: 

Ինչո՞ւ Ֆայեատ-ը դարձաւ կամ պէտք է դառնար  Ֆայիատ, առեղծուած մըն է, որ ի վեր է քան զգիտութիւնն մահկանացուի իմոյ:    

                                                            *    *    *

Դէմ-յանդիման գտնուեցայ տակաւին ուրիշ զուգադիպութեան մը, որ ահաւասիկ. «Ազդակ»-ի 28/8/2017-ի թիւին մէջ, որ յիշատակեցինք վերը, կը գտնուէր իրաքցի դիւանագէտի մը անունն ալ՝الفياض فالح ,  որ տառադարձուած էր  պարզապէս  Ֆայատ:

Այսպիսիվ նոյն անունին թեթեւ ձեռքով ու թեթեւագոյն մտքով տրուած են երեք տարբեր տառադարձութիւններ.

               Ֆայեատ Ֆայատ Ֆայիատ       

Նման սխրանքներու մնայուն թատերաբեմ է «Ազդակ»-ի քաղաքական էջը:               

Այս... այս է, ուզէք կամ չուզէք:

                                                                       *   *   *

«Արարատ» այս նոյն անունը կը տառադարձէ Ֆայյատ:

Ուրեմն ունեցանք... չորրորդ մը:

Ճիշդը այս վերջինն է, քանի արաբերէնն ալ կրկնած է ي տառը՝ فيًاض :

Ֆայյատ եւ Ֆայեատ ունին նոյն արտասանութիւնը, սակայն յեա հեր-

թականութիւնը խրախուսելի չէ հայերէնի մէջ:

Ըստ այսմ թելադրելի պիտի ըլլար  գրել՝

--Ախոյան եւ ոչ թէ  ախոյեան

--Դայակ եւ ոչ թէ դայեակ

--Հմայակ եւ ոչ թէ հմայեակ

--Պիքֆայա եւ ոչ թէ Պիքֆայեա

--Սայաթ եւ ոչ թէ Սայեաթ

Ծանօթ.- Ճիշդ է, որ հնուց աւանդուած է հմայեակ, նաեւ դայեակ, սակայն ամէն բան ճիշդ աւանդուած չէ. հմայել պէտք է տար հմայակ, ինչպէս բռնել կու տայ բռնակ, գլորիլ կու տայ գլորակ/կլորակ, հասնիլ/հասակ, վիճիլ/վիճակ, վրիպիլ/վրիպակ, տեսնել/տեսակ, ցուցնել/ցուցակ, փայլիլ/փայլակ եւ այլն: Արեւելահայ արդի բառարանները  ունին միայն  դայակ եւ հմայակ

 

Մրցոյթ 37.

***Քո՛ւ ճաշակովդ շարադրէ՛ հետեւեալը.

---Մաքրոն կոչ ըրաւ՝ Սուրիոյ մէջ զսպելու   բռնարարքները եւ դատելու մեղսակիցները Սուրիոյ մէջ:

***Հետեւեալը կարելի է չորս բառով ալ ըսել. փորձէ՛.

---Եթէ իրականանայ այն, որ որոշ շրջանակներու մէջ շրջանառութեան մէջ դրուած է իբրեւ «Զանգեզուրի միջանցք»:

***Բառ մը իր տեղը չէ:

---Միայն 2025 թուականի միայն յուլիս ամիսին պետական գանձարան վերադար-ձուած է 5 միլառ դոլար («Հայկական ժամանակ»: 

***Վերաշարադասէ հետեւեալը. 

---Իսրայէլին կոչ կ’ուղղենք Իսրայէլին ՝ չմիջամտելու մեր ներքին գործերուն եւ չօգտագործելու փոքրամասնութիւններուն խաղաքարտը չօգտագործելու :

***Կրաւորական բայը՝հրահրուիլ,  վերածէ ներգործականի՝ հրահրել.

---Ստեփանակերտի մէջ Այվազովսքիի յուշարձանին քանդումը Ատրպէյճա-նի կողմէ պետական մակարդակով հրահրուող հրահրած  մէկ վանտալութիւնն է:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (9), Գեղամ Խաչատրեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (6), Միրնա Սիւլիւքճեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (7), Համբարձում Յարթունեան (6):

Մրցոյթ 38.

***Հետեւեալէն ի՞նչ աւելորդաբանութիւն կը ջնջէիր. 

---Արամ Ա. կաթողիկոս նամակներ ստացաւ Լեւոն Ժդ. պապէն եւ Քիրիլ պատրիարքէն («Ազդակ», 25/72025, էջ 1):

***Հետեւեալին մէջ բառ մը պէտք է փոխարինուի:

---Ծխախոտի օգտագործումը տարեկան աւելի քան 8 միլիոն վաղաժամ մահուան պատճառ կը դառնայ («Զգոյշ», թիւ 2, 2025, էջ 59):

***Ո՞ր բառը կը տեղափոխես:

---Անշուշտ որ այս բոլորը ժամանակի ընթացքին եւս կ’ունենան տարբեր հետեւանքներ («Ակօս», 8/8/2025): 

***Վերացո՛ւր հեեւեալին կրկնաբանութիւնը.

---Թրամփ կրնայ յառաջիկայ երկու օրուան ընթացքին Փութինի հետ հեռա-ձայնային հաղորդակցութիւն մը ունենալ, սակայն հեռաձայնային հաղորդակցու-թիւնը տակաւին չէ ծրագրուած («Ազդակ», 8/8/2025, էջ 1):

***Կրնա՞ս գտնել ու սրբագրել հետեւեալին անհամասեռութիւնը.

---Այս ուսումնասիրութիւնը ուղղուած է ոչ միայն անոր կեանքի մանրամասները բացայայտելու, այլեւ անոր հոգեւոր գործունէութիւնը աւելի խորաթափանց  ըլլալու:


Արմենակ Եղիայեան 
armenag@gmail.com