Նիւ Եորքի իր նստավայրէն ներս օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ԱՄՆ Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեան ընդունած է «Սօս մանկական գիւղեր» բարեսիրական հաստատութեան պատուիրակութիւն մը։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Ուրբաթ, 6 Փետրուարի առաւօտեան, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս, ընդունեց Հայաստանի «Սօս մանկական գիւղեր» բարեսիրական հաստատութենէն Սպարտակ Սարգսեանի (տնօրէն) եւ Անահիտ Մելքոնեանի այցելութիւնը, որոնց կ՚ընկերանար տիկ. Էմմա Առաքելեան։
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի դիւանապետ՝ դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան։
Տեղի ունեցաւ շահեկան զրոյց մը, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ կազմակերպութեան գործունէութիւնը, որ հիմնականին ուղղուած է աջակցելու կեանքի դժուար վիճակներու մէջ յայտնուած մանուկներու, երիտասարդներու եւ իրենց ընտանիքներուն։