image
Հրատապ լուրեր:

«Մայր Հայաստան»-ն Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի հետ

«Մայր Հայաստան»-ն Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի հետ

«Մայր Հայաստան» կուսակցութիւնն Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Բարգաւաճ Հայաստան»-ի հետ համատեղ՝ «Առաջարկ Հայաստանին» ծրագրով։ Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարուած է 15 փետրուարին՝ կուսակցութեան համագումարին։

«Մայր Հայաստան»-ի առաջնորդ Անդրանիկ Թեւանեանը նշած է, որ քննարկումներու եւ երկխօսութեան արդիւնքով դրական համարած են Գագիկ Ծառուկեանի «Առաջարկ Հայաստանին» ծրագիրը եւ ատով ալ պիտի մասնակցին առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։

Ան յայտարարած է, որ «Մայր Հայաստանը» պիտի դառնայ «Առաջարկ Հայաստանին» ծրագրի համահեղինակ ու իր գաղափարներով, լուծումներով պիտի հարստացնէ այն:

Ազգային ժողովի ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յունիս 7-ին։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանը յայտնած էր, որ իր «Առաջարկ Հայաստանին» նախընտրական ծրագիրը քաղաքական, հանրային «Նոյեան տապան» պիտի ըլլայ, ուր պիտի հաւաքուին բոլոր հետաքրքրական առաջարկներն ու լուծումները։