Իրանը պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ քննարկելու փոխզիջումներ՝ միջուկային համաձայնութեան հասնելու համար, եթէ ամերիկացիներն ալ պատրաստ ըլլան քննարկելու պատժամիջոցներու վերացման հարցը։ Այդ մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Մաճիտ Թեհթ-Ռավանչին BBC հեռուստակայանին տուած հարցազրոյցին մէջ։
Բարձրաստիճան դիւանագէտը շեշտած է, որ Իրանը պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ բանակցութիւններուն մէջ քննարկելու միայն իր միջուկային ծրագիրը։ Առաջիկայ Երեքշաբթի Ժընեւի մէջ կը սպասուի Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի պատուիրակութիւններու միջեւ միջուկային բանակցութիւններու նոր փուլ մը։
Ըստ CBS News-ի՝ դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփը վստահեցուցած է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին, որ պիտի աջակցի Իրանի պալիսթիք հրթիռային ծրագիրին դէմ Իսրայէլի հարուածներուն, եթէ Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութիւնը վերջնականապէս ձախողի։
Սակայն Նաթանիահուն, ինչպէս նշած են թէ՛ CBS-ը, թէ՛ Մերձաւոր Արեւելքի լրատուամիջոցները, բացայայտ թերահաւատօրէն կը վերաբերի Իրանի հետ դիւանագիտութեան։