Իսրայէլեան ռազմաօդային ուժերու անօդաչու թռչող սարքը Լիբանանի Հանին հարաւային բնակավայրին մէջ գրոհած է առանց ուղեւորներու դատարկ դպրոցական հանրակառքի վրայ։ Հանրակառքի վարորդը զոհուած է: Այս մասին յայտնած է Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութիւնը։
«Թշնամական իսրայէլեան անօդաչուն Հանին բնակավայրին մէջ գրոհած է դպրոցական հանրակառքի վրայ այն պահուն, երբ վարորդը սկսած է մեքենան վարել աշխատանքի երթալու համար, որու հետեւանքով վարորդը զոհուած է», -յայտնած է աղբիւրը։
Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի պնդմամբ՝ Հանին բնակավայրին մէջ անօդաչուի յարձակուման հետեւանքով ոչնչացուած է «Հըզպալլա» շարժման անդամ մը։