image

Խաղաղութեան խորհուրդի անդամները Կազայի հատուածին պիտի յատկացնեն աւելի քան 5 միլիառ տոլար. Թրամփ

Խաղաղութեան խորհուրդի անդամները Կազայի հատուածին պիտի յատկացնեն աւելի քան 5 միլիառ տոլար. Թրամփ

Խաղաղութեան խորհուրդի երկիրները խոստացած են Կազայի հատուածին յատկացնել աւելի քան 5 միլիառ տոլար՝ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփը։

«19 փետրուար 2026-ին մենք դարձեալ պիտի հրաւիրենք Խաղաղութեան խորհուրդը եւ տեղեկացնենք, որ մասնակիցները խոստացած են աւելի քան 5 միլիառ տոլար յատկացնել Կազայի մարդասիրական կարիքներուն եւ վերականգնման համար»,– գրած է ան Truth Social ընկերային ցանցին մէջ։

 

Աւելին, Թրամփ նշած է, որ երկիրները պատրաստ են հազարաւոր զօրքեր եւ ոստիկաններ ղրկելու՝ պաղեստինեան անկլաւին մէջ կարգուկանոնը պահպանելու համար։ Միացեալ Նահանգներու նախագահը կոչ ուղղած է «Համաս»-ին «անյապաղ ամբողջական ապառազմականացում իրականացնելու»։

Ըստ Associated Press-ի՝ Թրամփի վարչակազմը կ՚ակնկալէ, որ 19 փետրուարին կայանալիք հանդիպման մասնակցի առնուազն 20 երկրի պատուիրակութիւն։

Խաղաղութեան խորհուրդի ստեղծումը Կազայի հատուածին մէջ հակամարտութիւնը աւարտելու Միացեալ Նահանգներու նախագահի ծրագրի մէկ մասն է։ Անոր ձեւաւորման մասին յայտարարուած է 2026-ի Յունուարին։

Խորհուրդին հրաւիրուած է աշխարհի տարբեր ծայրերէն մօտ 60 առաջնորդ, որոնցմէ մի քանին հիմնադիր անդամներ են։ Խաղաղութեան խորհուրդի առաջին նախագահը Թրամփն է։ Խորհուրդին անդամ է նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։