image
Հրատապ լուրեր:

Արեւմտահայերէնի ապագային նուիրուած գիտաժողով Ուուտպըրի համալսարանին մէջ

Արեւմտահայերէնի ապագային նուիրուած գիտաժողով Ուուտպըրի համալսարանին մէջ

Արեւմտահայերէնի ապագային եւ լեզուի ուսուցման նորարար մօտեցումներու նուիրուած գիտաժողով մը վերջերս համախմբեց գիտնականներ, ուսուցիչներ, մանկավաարժներ եւ համայնքային ղեկավարներ՝ քննարկելու լեզուի կենսունակութիւնը, մանկավարժական մեթոտները եւ հաստատութիւններու միջեւ գործակցութիւնը։ «Հայերէն լեզուի նորարարութիւններ․ նոր գործիքներ, նոր մեթոտներ, նոր հնարաւորութիւններ» խորագրով այս ձեռնարկը ներկայացուց այն ռազմավարութիւնները, որոնք կը միտին ամրապնդելու արեւմտահայերէնը սփիւռքի մէջ։

Գիտաժողովը կազմակերպուած էր համատեղ՝ Հայց. Եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմին, հովանաւորութեամբ՝ առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, եւ Գալիֆորնիոյ Պըրպենք քաղաքի Ուուտպըրի համալսարանին (Woodbury University) կողմէ։ Գիտաժողովին վարիչը՝ Արեւմտեան թեմի հաստատութենական նորարարութեան տնօրէնը՝ դոկտ․ Հրաչ Չիլինկիրեան, իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, թէ այս գիտաժողովը կ’արտացոլէ այս երկու հարեւան հաստատութիւններուն՝ առաջնորդարանին եւ Ուուտպըրի համալսարանին միջեւ աճող գործակցութիւնը։

Ուուտպըրի համալսարանի նախագահ Ճեֆ Պելանթոնի ողջունեց ներկաները եւ ընդգծեց համագործակցութեան կարեւորութիւնը կրթական-մանկավարժական նախաձեռնութիւններու զարգացման մէջ։ Ան նաեւ նշեց յաջողութիւնները Ուուտպըրիի հայ շրջանաւարտներու, որոնք այսօր տարբեր ոլորտներու եւ կազմակերպութիւններու մէջ առաջնորդող դերեր ստանձնած են։

Քննարկումին ընդհանուր շրջագիծը ներկայացնելով՝ Դոկտ. Չիլինկիրեան անդրադարձաւ արեւմտահայերէնի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն՝ յիշեցնելով, որ 2010 թուականին UNESCO-ն զայն դասակարգեց որպէս վտանգուած լեզու։ Այս բնորոշումը նոր թափ տուած է սփիւռքի մէջ ընթացող քննարկումներուն, թէ ինչպէ՛ս կարելի է պահպանել եւ վերակենդանացնել լեզուն։ Ան ընդգծեց, որ այս մարտահրաւէրներուն դիմագրաւումը կը պահանջէ ակադեմականներու, մանկավարժներու, համայնքային առաջնորդներու եւ ընտանիքներու համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆինանսական միջոցներու ստեղծումը եւ այնպիսի հաստատութիւններու մասնակցութիւնը, որոնք կրնան նորարար ծրագիրներ իրականացնել։

Դոկտ. Չիլինկիրեան դիտել տուաւ, որ այս ուղղութեամբ նշանակալից դեր կը կատարեն Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը եւ Փարիզի արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու ազգային հիմնարկի՝ Inalco-յի (Institut National des Langues et Civilisations Orientales) հայագիտական բաժինը։ Երկու հաստատութիւններն ալ վերջին տարիներուն աջակցած են եւ կը շարունակեն օժանդակել շարք մը ծրագիրներու, որոնք հետամուտ են արեւմտահայերէնի ամրապնդման՝ ուսուցման նոր մեթոտներով, թուային միջոցներու եւ համայնքային նախաձեռնութիւններով։

Ապա ան ներկայացուց գիտաժողովին մասնակցող բանախօսները. դոկտ․ Ռազմիկ Փանոսեան՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէնը, Անի Կարմիրեան՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքի արեւմտահայերէնի զարգացման եւ դպրոցներու օժանդակութեան ծրագիրներու պատասխանատուն, ինչպէս նաեւ լեզուաբան եւ Inalco-յի Հայագիտական բաժնի վարիչ փրոֆ․ Անահիտ Տօնապետեան։

Դոկտ. Փանոսեան անդրադարձաւ հայ լեզուի ուսուցման եւ նշեց, թէ փոփոխութիւններ կրնան յառաջանալ թէ՛ հաստատութենական նախաձեռնութիւններէ եւ թէ՛ համայնքային մակարդակով ինքնաբուխ ջանքերէ։ Ան նաեւ մատնանշեց սփիւռքի մէջ ընթացող լեզուական զարգացումները, որոնք կը վերաբերին թէ՛ արեւմտահայերէնին եւ թէ՛ արեւելահայերէնին։ Գաղթերը եւ համաշխարհայնացումը տարբեր բարբառներով խօսողներ կը բերեն իրարու մօտ, եւ այս պայմաններուն մէջ երկու լեզուաձեւերը կրնան փոխադարձաբար հարստացնել զիրար։ Միաժամանակ ան նկատել տուաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կրնայ կառուցողական դեր ունենալ՝ աջակցելով սփիւռքի լեզուական բազմազանութեան պահպանման։

Փրոֆ. Տօնապետեան իր ելոյթին մէջ խօսեցաւ օտար միջավայրի մէջ մայրենի լեզուներու պահպանման մէջ հաստատութենական աջակցութեան եւ անհատական նախաձեռնութեանց միջեւ անհրաժեշտ հաւասարակշռութեան մասին։ Ան շեշտեց, որ դպրոցները, մշակութային միութիւնները եւ ակադեմական ծրագիրները կենսական դեր կը խաղան արեւմտահայերէնի պահպանութեան մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ ընտանիքներն ու անհատները եւս առանցքային դեր ունին, որովհետեւ լեզուի փոխանցումը յաճախ կը սկսի ընտանիքէն եւ կը շարունակուի համայնքային առօրեայ հաղորդակցութեան մէջ։ Ան նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքի այն դպրոցներուն եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ուր աշակերտները կը խօսին թէ՛ արեւելահայերէն եւ թէ՛ արեւմտահայերէն։ Թէեւ լեզուական տարբերութիւնները երբեմն կրնան լարուածութիւններ ստեղծել, ան ընդգծեց, որ նման միջավայրերը կրնան նաեւ փոխադարձ հարստացման հնարաւորութիւններ ընձեռել։

Փրոֆ․ Տօնապետեան ներկայացուց նաեւ Հայագիտական միջազգային մագիստրոսական ծրագիրը (IMAS), որ Inalco-յի մէջ իրականացուող երկու տարուան առցանց ուսումնական ծրագիր մըն է։ Ծրագիրը կը պատրաստէ հայերէնի ուսուցիչներ եւ անոնց կը տրամադրէ ժամանակակից մանկավարժական հմտութիւններ՝ համապատասխան սփիւռքի կրթական միջավայրերուն։

Անի Կարմիրեան ներկայացուց Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ մշակուած քանի մը կրթական գործիքներ, որոնց շարքին են Zarmanazan-ը, Zndoog.com-ը եւ թուային ուսումնական այլ միջոցներ։ Ան ընդգծեց նորարար մօտեցումներու կարեւորութիւնը, որոնք ուղղուած են մանուկներուն եւ պատանիներուն՝ օգտագործելով փոխազդեցիկ (interactive) հարթակներ եւ մեթոտներ, որոնք հայերէնի ուսուցումը կը դարձնեն աւելի գրաւիչ եւ հետաքրքրական երիտասարդ սերունդներուն համար։

Եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ վերահաստատեց Արեւմտեան Թեմի յանձնառութիւնը՝ ամրապնդելու հայերէնը, հայ մշակոյթը եւ ինքնութիւնը։ Ան բարձր գնահատեց բանախօսներուն կատարած նորարար աշխատանքը եւ ընդգծեց, որ արեւմտահայերէնի պահպանումը կը պահանջէ շարունակական նուիրում, ստեղծագործ մտածողութիւն եւ համատեղ ջանքեր ամբողջ սփիւռքի տարածքին։