Պէյրութի «Ազդակ»էն կը կարդանք՝
Երեքշաբթի, 2 յունիս 2026-ին, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, յանձինս Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ Աւետիս Կիտանեանի, Արամ Սոմունճեանի եւ Եղիա Թաշճեանի, ընդունեց Արաբական բաց համալսարանի (Arab Open University) պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին համալսարանի ուսումնական հարցերու փոխնախագահ դոկտ. Տանի Աուն, ընդունելութեան բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Ղատի Մոքալլետ եւ հաստատութիւններու հետ յարաբերութիւններու համակարգող Ուալիտ Սէյֆ:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն համալսարանի ներկայացուցիչներուն հետ ստորագրեց փոխըմբռնման յուշագիր մը, որ կը միտի ամրապնդել համագործակցութիւնը ուսումնական ոլորտին մէջ:
Նշեալ համաձայնագիրը կարելիութիւն պիտի ստեղծէ հայ ուսանողներուն համար, որպէսզի անոնք հետեւին ուսման զեղչուած կրթաթոշակներով: Համաձայնագիրի հիման վրայ համալսարանը նաեւ աշխատանոցներ եւ համագումարներ պիտի կազմակերպէ հայ ուսանողներու համար:
Հանդիպումին շեշտուեցաւ համագործակցութեան կարեւորութիւնը` զարգացած կրթական միջավայրի ամրապնդման եւ տեւական գործընկերութեան հաստատման առումով, որ պիտի նպաստէ լիբանանահայ երիտասարդներու կարողութիւններու զարգացման ու աշխատանքի շուկայ մուտք գործելու անոնց պատրաստութեան:

Լուրը՝ «Ազդակ»էն