image

Թրամփ Իսրայէլին կոչ ըրած է զերծ մնալու Իրանը հարուածելէ. Axios

Թրամփ Իսրայէլին կոչ ըրած է զերծ մնալու Իրանը հարուածելէ. Axios

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Յունիս 7-ին հեռաձայնային զրոյց ունեցած են։ Այս մասին Reuters-ին յայտնած է իսրայէլացի պաշտօնեան՝ առանց լրացուցիչ մանրամասնութիւններ ներկայացնելու։

Իսկ Axios լրատուականի անանուն ամերիկացի պաշտօնեան յայտնած է, որ Թրամփ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Նաթանիահուին կոչ ըրած է ձեռնպահ մնալու Իրանի դէմ հետագայ հարուածներէ՝ ըսելով, որ «մենք մօտ ինչ որ լաւ համաձայնութեան հասնելու»։

Սպիտակ տունը եւ Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը անմիջապէս չեն արձագանգած տեղեկութիւնը մեկնաբանելու Reuters-ի խնդրանքին։

Անցեալ շաբաթ Թրամփ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին խիստ քննադատութեան ենթարկած էր Նաթանիահուն։

Իսրայէլի՝ Իրանը հարուածելէն ժամեր առաջ Թրամփ Financial Times-ին ըսած էր. «Ատիկա (Իրանի կամ Իսրայէլի նոր հարուածները) որեւէ ազդեցութիւն պիտի չունենայ համաձայնութեան վրայ»։

«Ես եմ որոշում կայացնողը։ Բոլոր որոշումները ես կ՚առնեմ։ Ան (Նաթանիահուն) չէ, որ կ՚որոշէ»,– ըսած էր ան։

Իսրայէլն ու Իրանը Ապրիլին հաստատուած հրադադարէն ետք առաջին անգամ Յունիս 7-ին վերսկսած են յարձակումները։ Պատճառը Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ իրանամէտ «Հըզպալլա» շարժման անդամներու դէմ կատարուած հարուածներն էին, որ պաշտօնական Թեհրանը անպատասխան չէ ձգած։