image

Ուրախ եմ շարունակել աշխատիլ Ձեզ հետ՝ խաղաղութեանն ու ՀՀ ինքնիշխանութեան սատարելու համար. Մաքրոն շնորհաւորեց Փաշինօղլուն

Ուրախ եմ շարունակել աշխատիլ Ձեզ հետ՝ խաղաղութեանն ու ՀՀ ինքնիշխանութեան սատարելու համար. Մաքրոն շնորհաւորեց  Փաշինօղլուն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը շնորհաւորած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան յաղթանակի առթիւ։

Այս մասին Ֆրանսայի նախագահը նշած է X-ի իր էջին կատարած գրառման մէջ։

«Սիրելի Նիկոլ Փաշինեան, անկեղծօրէն կը շնորհաւորեմ խորհրդարանական ընտրութիւններուն այս ջախջախիչ յաղթանակին առթիւ։ Անհամբեր կը սպասեմ Ձեզի հետ միասին շարունակելու մեր սկսած աշխատանքը՝ մեր ժողովուրդներու օգտին մեր համագործակցութիւնը ամրապնդելու, Հայաստանի խաղաղութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի հետ աւելի սերտ կապեր հաստատելու համար»,-գրած է Էմանուել Մաքրոնը։