image

Պէյրութ. Հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սրբուհի Ռիթայի «Ուխտի օր»ը

Պէյրութ. Հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Սրբուհի Ռիթայի «Ուխտի օր»ը

Պէյրութի Մխիթարեան Ուխտի տնօրինող մարմնին նախաձեռնութեամբ, օրերս հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ քրիստոնէական աշխարհի հրաշագործ սրբուհիներէն՝ Սրբուհի Ռիթայի «Ուխտի օրը»։

Այս առիթով, կիրակի, 24 մայիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 5։00-ին, Ռաուտայի Մխիթարեան վարժարանի շրջափակին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ Պատարագ։

Պատարագին նախորդեց  Մխիթարեան Վարժարանի Սաներու հանդիսաւոր մուտքը ընկերակցութեամբ՝ ՀՄԸՄ-ի ֆանֆարին, որմէ ետք  վարժարանի  խօսքը ներկայացուց  Մխիթարեան Վարժարանի Տնօրէն՝ Տիար Կորիւն Ճենանեան։

 Ապա տեղի ունեցաւ Սուրբ Պատարագ եւ պատարագը մատուցեց ու յաւուր պատշաճի քարոզ արտասանեց՝ Մխիթարեան Միաբանութեան Միջին Արեւելքի Առաքելութեան Մեծաւոր Հայր Մեսրոպ Թ. Ծ. Վրդ. Սիւլահեան։ 

Հաւատացեալներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած արարողութիւնը անցաւ աղօթական եւ հոգեւոր մթնոլորտի մէջ։ Սուրբ Պատարագէն ետք կատարուեցաւ Սրբուհի Ռիթայի խորհրդանիշ վարդերու օրհնութիւնը, ապա հաւատացեալները մասնակցեցան նշխարհամբոյրի արարողութեան։

Օրուան հանդիսութիւնը եզրափակուեցաւ մատաղի բաշխումով, որուն ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան հաղորդակցելու ուխտի օրուան հոգեւոր պատգամին եւ Սրբուհի Ռիթայի բարեխօսութեան խորհուրդին։

Նշենք նաեւ, որ այս առթիւ հանդիսաւոր արարողութեանց ներկայ գտնուեցան գաղութային  ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ազգային-կուսակցական պատասխանատու անձնաւորութիւններ։