ԱՊՀ-ի դիտորդական առաքելութիւնը յունիս 7-ին տեղի ունեցած Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները բաց, մրցակցային եւ երկրի Սահմանադրութեան ու օրէնսդրութեան համապատասխան համարած է։ Այս մասին յունիս 8-ին լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած է առաքելութեան ղեկավար Նուրլան Սէյթիմովը։
Սէյթիմովի խօսքով՝ քուէարկութիւնը ընթացած է Ընտրական օրէնսգիրքի պահանջներուն համապատասխան, իսկ արհեստագիտական սարքաւորումները, ընդհանուր առմամբ, գործած են անխափան։
Առաքելութեան ղեկավարը աւելցուցած է, որ ձայներու հաշուարկի ընթացակարգը եւս իրականացուած է ընտրական օրէնսդրութեան տառին համապատասխան՝ ապահովելով բազմակուսակցական հիմքով կազմակերպուած գործընթացի թափանցիկութիւնը։
Անդրադառնալով ընտրական գործընթացի ընթացքին արձանագրուած խնդիրներուն՝ ԱՊՀ-ի դիտորդները նշած են, որ նկատուած առանձին թերութիւնները կրած են զուտ թեքնիքական բնոյթ եւ տեղամասային ընտրական յանձնաժողովներու կողմէ արագօրէն վերացուած են։ Առաքելութեան պաշտօնական յայտարարութեան համաձայն՝ չեն յայտնաբերուած այնպիսի խախտումներ, որոնք իրենց բնոյթով կամ ծաւալով կրնային ազդել ընտրութիւններու վերջնական արդիւնքներուն վրայ։