image

Վարդերու եւ բանջարեղէնի առաջին խմբաքանակն արդէն դուրս եկած է դէպի Եւրոպա․ վարչապետ

Վարդերու եւ բանջարեղէնի առաջին խմբաքանակն արդէն դուրս եկած է դէպի Եւրոպա․ վարչապետ

Հայկական ապրանքներու նկատմամբ Ռուսիոյ սահմանափակումներու լոյսի ներքոյ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած է, որ վարդերու եւ բանջարեղէնի առաջին խմբաքանակն արդէն դուրս եկած է դէպի Եւրոպա եւ այլ երկիրներ:

«Տեղ կը հասնեն, նոր կ՚ասեմ, թէ որ երկրներ, ոչ մի ապրանք չի մնալու»,- յունիս 2-ին Գեղարքունիքի մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ ըսած է Փաշինեանը։

Նախօրէին տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը յայտնած էր, որ Հայաստանը արտահանում պիտի իրականացնէ դէպի Յունաստան, Գերմանիա եւ այլ երկիրներ։ Նախարարի խօսքով՝ տնտեսութեան նախարարութիւնը արտահանման աջակցութեան ծրագիրներ ներկայացուցած է դէպի Եւրոպական Միութիւն, Մերձաւոր Արեւելք՝ փոխադրային ծախսերու փոխհատուցում, մաքսատուրքի փոխհատուցում։

«Եւրոպական Միութեան արտահանումը կրկնապատկուել է, նպատակ ունենք քառապատկենք, հնգապատկենք մինչեւ տարեվերջ»,-ըսած է Պապոյեանը։ 

Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ Ռուսիան կոշտացուցած է իր հռետորաբանութիւնը Հայաստանի նկատմամբ։

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին աւելի վաղ յայտարարած էր, որ Հայաստանը ստիպուած պիտի ըլլայ ընտրութիւն կատարել Եւրոմիութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պնդած է, որ ԵԱՏՄ-էն դուրս գալն այժմ Երեւանի օրակարգի վրայ չէ։

Այս յայտարարութիւններու լոյսի ներքոյ Ռուսիա կը շարունակէ սահմանափակել հայկական ապրանքներու մուտքն իր շուկայ։ Յունիս 2-էն արգիլուած է հայկական ձկնամթերքի ներմուծումը՝ բացառութեամբ երկու ընկերութեան։ Մայիս 30-էն «Ռոսպոտրեբնադզոր»-ի որոշմամբ սահմանափակուած է  պտուղ-բանջարեղէնի ներմուծումը։ Նախապէս նմանատիպ արգելքներ կիրառուած էին ծաղիկներու, «Ջերմուկ» հանքային ջուրի, ինչպէս նաեւ քանի մը տեղական արտադրողներու քոնեաքի եւ գինիի նկատմամբ։