Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայէն շնորհաւորած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով։ Այս մասին կը հաղորդեն կառավարութենէն։
«Յարգելի՛ Նիկոլ Փաշինեան, կը շնորհաւորեմ Ձեզ ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրելուն առիթով։ 2018-ին Ձեր գլխաւորած թաւշեայ յեղափոխութեան ոգին կենդանի է եւ առողջ։ Մենք խորապէս կը գնահատենք մեր գործընկերութիւնը ժողովրդավարական Հայաստանի հետ, որ աւելի ու աւելի կը մօտենայ Եւրոպային։ Հայաստանը կրնայ յոյս դնել մեր վրայ»,– ըսած է ֆոն տեր Լայէնը։
Յունիսի 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքով Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը ստացած է ձայներուն 49,81 առ հարիւրը։