image

Պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւնը ջախջախուած է. Նիկոլ Փաշինեան

Պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւնը ջախջախուած է. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շնորհաւորած է Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդը 2026 թուականի յունիս 7-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներով տարած յաղթանակի առթիւ։

Փաշինեան այդ մասին խօսած է Ազգային Ժողովի մշտական յանձնաժողովներու նիստերուն 2025 թուականի պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետւութեան քննարկման ժամանակ ունեցած ելոյթին մէջ։

«Նախ ես ուզում եմ շնորհաւորել Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդին 2026 թուականի յունիսի 7-ին տեղի ունեցած ընտրութիւնների արդիւնքներով յաղթելու համար։ Հայաստանի ժողովուրդը իր քուէարկութեամբ տէր կանգնեց պետութեանը, տէր կանգնեց անկախութեանը, տէր կանգնեց ապագային, տէր կանգնեց խաղաղութեանը, տէր կանգնեց Հայաստանի Հանրապետութեանը։ Եւ պիտի արձանագրեմ, որ պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւնը (խմբ. նկատի ունի «Ուժեղ Հայաստան» դաշինքին, «Հայաստան» դաշինքին եւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեանը, որոնք ընտրութիւնների նախնական արդիւնքներով նոյնպէս յաղթահարել են խորհրդարանի անցողիկ շեմը) ջախջախուած է։ Սա կարեւոր, բայց ոչ վերջնական արդիւնք է, որովհետեւ կարծում եմ, որ ժողովուրդն իր կամքը յստակ արտայայտեց առ այն, որ պատերազմի եռագլուխ կուսակցութիւնը եւ նրան ուղեկցող քրէաօլիգարխիկ համակարգը պէտք է արմատախիլ արուի Հայաստանի Հանրապետութիւնից, եւ, ի հարկէ, սա լինելու է քաղաքական մեծամասնութեան եւ կառավարութեան կարեւորագոյն օրակարգերից մէկը, որը մենք պէտք է իրականացնենք՝ առանց յետաձգումների եւ շատ վճռական եւ հատու քայլերով։ Ուզում եմ նաեւ շնորհաւորել «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեանը յաղթանակի առիթով, ՔՊ-ն կ՚ունենայ խորհրդարանական մեծամասնութիւն, կը ձեւաւորի կառավարութիւն, եւ առաջիկայ ամիսներին մենք այդ թեման քննարկելու հնարաւորութիւն կ՚ունենանք»,-ըսած է Փաշինեանը։