image

4 ուժ կ՚անցնի խորհրդարան․ ԿԸՅ-ն ամփոփեց ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները

4 ուժ կ՚անցնի խորհրդարան․ ԿԸՅ-ն ամփոփեց ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները

Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովն ամփոփեց ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները, որով խորհդարան կը ձեւաւորեն 4 ուժ։

Հաշուարկի նախնական արդիւնքներն ունին հետեւեալ տեսքը՝

«Քաղաքացիական պայմանագիր» – 49,81% (727,160),

«Ուժեղ Հայաստան» դաշինք – 23,29% (340,062),

«Հայաստան» դաշինք – 9,94% (145,097),

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւն – 4% (58,368)։

Հաշուարկուած է 1,476,916 քուէ: Ընտրութիւններուն մասնակցած է 16 կուսակցութիւն եւ 2 դաշինք։

Միւս քաղաքական ուժերը չեն յաղթահարած շեմը։ Թաթոյեանի «Միասնութեան թեւերը» ստացած է 2,3 տոկոս ձայն, Գուրգէն Սիմոնեանի «Շնորհապետական» կուսակցութիւնը՝ 2,11 տոկոս։

Չնայած «Քաղաքացիական պայմանագիր»ը ստացած է ձայներու մեծ մասը, բայց չի կազմեր սահմանադրական 2/3 մեծամասնութիւն, որ թոյլ չի տար սահմանադրական օրէնքները միանձնեայ փոխել։