image

Մայրութեան, հաւատքի եւ կնոջ ուժին նուիրուած ջերմ հանդիպում մը Ճինիշեան հիմնարկին մէջ

Մայրութեան, հաւատքի եւ կնոջ ուժին նուիրուած ջերմ հանդիպում մը Ճինիշեան հիմնարկին մէջ

Հայ մայրը դարեր շարունակ եղած է ընտանիքի սիրտը, ազգի յիշողութիւնը եւ սիրոյ անսպառ աղբիւրը։
Մայրերու եւ Համբարձման տօները այս իմաստով միայն տօնական առիթներ չեն, այլ նաեւ յիշեցում՝ կնոջ հաւատքի, նուիրումի ու ստեղծագործ ուժին մասին։
Այդ ոգիով ալ, Լիբանանի մէջ գործող «Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկ»ը կազմակերպեց ջերմ եւ ներշնչող հանդիպում մը՝ նուիրուած հայ կնոջ ու մօր արժէքին։

Ստորեւ այդ մասին հիմնարկի  պատրաստած թղթակցութիւնը՝

13 Մայիս 2026-ին, Ճինիշեան Հիմնարկի Կանանց Հզօրացման ծրագիրը նուիրուած էր երկու գեղեցիկ ու խորհրդանշական տօներու՝ Մայրերու եւ Համբարձման տօներուն, որոնք իրենց խոր իմաստով կը մարմնաւորեն սէր, հաւատք, նուիրում, ընտանեկան արժէքներ եւ կնոջ անփոխարինելի դերը հասարակութեան մէջ։

Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի տնօրէն՝ Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեան, սրտի ջերմ խօսքով ողջունեց ներկաները եւ մաղթեց ուրախ, խաղաղ ու օրհնեալ Մայրերու Տօն։

Ան անդրադարձաւ հայ մօր ուժին ու զոհողութեան, շեշտելով թէ մայրը ընտանիքի սիւնն է, սիրոյ ու համբերութեան մարմնացումը, որ իր ներկայութեամբ կը պահէ ընտանիքը ամուր եւ միասնական։ Ան նաեւ ընդգծեց, թէ կնոջ դերը միայն ընտանիքին մէջ չէ սահմանափակուած, այլ ան կարեւոր ներդրում ունի համայնքային, կրթական եւ հասարակական կեանքին մէջ։

Ապա, օրուան դասախօսը՝ Սօսի Փօլատեան, իր ներշնչող խօսքին մէջ անդրադարձաւ կնոջ արժէքին, իրաւունքներուն եւ ժամանակակից հասարակութեան մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան։ Ան շեշտեց, թէ կինը միայն ընտանիքի պահապանը չէ, այլ նաեւ առաջնորդող ուժ է, որ իր գիտակցութեամբ, հաստատակամութեամբ եւ հաւատքով կրնայ փոփոխութիւն բերել հասարակութեան մէջ։ Ան խօսեցաւ կնոջ ինքնավստահութեան, կրթութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ կնոջ ձայնին կարեւորութեան մասին՝ քաջալերելով ներկայ կիները շարունակելու հաւատալ իրենց ուժին եւ կարողութիւններուն։

Օրուան գեղարուեստական բաժինը առաւել եւս ջերմացուց մթնոլորտը։
Մարիա Առաքելեան ներկայացուց երկու գեղեցիկ պարային կատարումներ, որոնք արժանացան ներկաներուն ջերմ ծափողջոյններուն։

Սեւան Կարապետեան իր քաղցրահունչ երգերով ստեղծեց հաճելի եւ յուզիչ մթնոլորտ, իսկ Էտմոն Մարգոսեան իր նուագով աւելի գեղեցկացուց օրուան յայտագիրը։

Յատկապէս տպաւորիչ էր Սեւան Կարապետեանի՝ մայրերուն նուիրուած «Ով Հայոց Մայրեր» երգը, իբրեւ խորհրդանիշ հայ մօր ուժին, զոհողութեան եւ անսահման սիրոյն։

Հաւաքի աւարտին, ներկաներուն բաժնուեցան վարդեր՝ որպէս սիրոյ եւ գնահատանքի խորհրդանիշ, ապա կազմակերպուեցաւ հիւրասիրութիւն, ուր ներկաները հաճելի ու մտերմիկ պահեր անցուցին միասին։

Շնորհաւոր Մայրերու Տօն բոլոր մայրերուն։