image

Ապրիլէն Ի Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով Սարգսեան- Էրտողան Հեռագրային Կապ

Ապրիլէն  Ի  Վեր Առաջին Անգամ Ըլլալով   Սարգսեան- Էրտողան    Հեռագրային Կապ

Հայաստան- ՀՀ  Նախագահ Սերժ  Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր յղած է Թուրքիոյ նախագահին: Այս մասին լուրը տուած է «Արմէնբրէս»  լրատուական   պաշտօնական գործակալութիւնը: Յայտնենք, որ            Շանլի Ուրֆա  նահանգի Սուրուճ գիւղին մէջ այսօր գրանցուած ահաբեկչական  յարձակման հետեւանքով զոհուած  էին     30     անձեր եւ վիրաւորուած    աւելի քան   100 հոգիներ: Կը կարծուի, որ սպանուածներուն մեծ մասը  քիւրտեր են:  Անոնք    Սուրիոյ մէջ  գտնուող Քոպանի աւանին օժանդակութիւններ  հաւաքելու համար յատուկ հանդիպում կը կատարէին: Յիշեցնենք, որ երկու նախագահները  անցնող Ապրիլէն ի վեր     կապ չեն հաստատած: Վերջին անգամ  Սարգսեան   Էրտողանը  24  Ապրիլի միջոցառումներուն   մասնակցելու համար հրաւիրած էր Երեւան: