image

Ալէք Տէմիրճեան վաղամեռիկ մահը (Լուսանկար)

Ալէք Տէմիրճեան վաղամեռիկ մահը (Լուսանկար)

Երուսաղէմի մէջ, արկածի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքած է կենսուրախ հայ երիտասարդ՝ Ալէք Տէմիրճեան-Վանայեանը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Երուսաղէմի Թարգմանչաց Վարժարանի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է`

Սրտի խոր ցաւով կը գուժենք վարժարանիս նախկին շրջանաւարտ Ալէք Տէմիրճեան-Վանայեանի անսպասելի վաղամեռիկ մահը որ պատահեցաւ երէկ գիշեր մահացու ինքնաշարժի վթարի հետեւանքով։

Ալէքը երկար տարիներ յաճախած էր Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարան եւ շրջանաւարտ եղած է 2020-ին։

Ալէքը մեր յիշողութեան մէջ պիտի մնայ այն խանդավառ եւ եռանդուն աշակերտը որ սիրուած էր բոլորին կողմէ։

Սրբոց Թարգմանչաց Վարժարանի տեսչութիւնը, ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը իրենց խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնին հանգուցեալին ծնողքի, եղբօր Այքին, քրոջը Գարունին եւ համայն Տէմիրճեան եւ Վանայեան ընտանիքներու անդամներուն եւ հարազատներուն։

Թող Աստուած երկնային արքայութեան արժանացնէ հանգուցեալ

Ալէքի հոգին եւ Ս. Հոգիի մխիթարութիւն պարգեւէ հարազատներուն։

Յիշատակն Արդարոց Օրհնութեամբ Եղիցի