image

«Տէր զօրացուր զիս». Վաղամեռիկ Արա Կիրակոսեանի այրիին գրառումը

«Տէր զօրացուր զիս». Վաղամեռիկ Արա Կիրակոսեանի այրիին գրառումը
Թալին Գազէզեան-Կիրակոսեան իր ամուսնոյն՝ վաղամեռիկ Արա Կիրակոսեանի յիշատակին կը գրէ՝ 

 

Արդէն եղաւ 90 օր    որ դուն մեզի հետ չես մարմնով ։ Շատ դժուար է ընդունիլ աս իրավիճակը , կեանքը կը շարունակուի , մենք դեռ կը գոյատեւենք։

Կարօտը մեզի հոգնեցուց , մինակ խօսիլը , մտածելը , որոշում առնելը ինծի համար դժուար է ...

Միասին ունէինք դեռ շատ առնելիք քայլեր....բայց կեանքը դաժան է .....

Ըսինք մեր կեանքերուն մէջ Աստուծոյ կամքը թող ըլլայ միայն....

անոր գինը վճարելը կայ ուրեմն  

Պարզապէս չեմ կրնար կոր այս եղածը ըմբռնել ։ 

Հակառակ անոր հոգիի աչքերով կը հասկնամ քու հոգիի վայելած ուրախութիւնդ փրկչիդ ներկայութեանդ մէջ ։ Տէր օգնէ եւ զօրացուր զիս , որպէսզի կարողանամ Արային թողած կտակը իրագործեմ ։