image

Փութինէն հրաման հարուածելու Ուքրանիոյ ռազմարդիւնաբերական ենթակառուցուածքները

Փութինէն հրաման հարուածելու Ուքրանիոյ ռազմարդիւնաբերական ենթակառուցուածքները

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին հրահանգած է շարունակել զանգուածային հարուածները Ուքրանիոյ ռազմարդիւնաբերական ենթակառուցուածքներուն։

Ռուսական լրատուամիջոցներու համաձայն, Փութին այս յայտարարութիւնը կատարած է Ռուսիոյ զինուած ուժերու հրամանատարական կեդրոններէն մէկուն մէջ զինուորականներու հետ ունեցած հանդիպման ընթացքին։

Փութին իր այս յայտարարութիւնը կատարած է այն պայմաններուն մէջ, երբ վերջին շրջանին ուքրանական զինուած ուժերը հարուածներ հասցուցած են Ռուսիոյ տարածքի խորքը գտնուող ենթակառուցուածքներուն։

Ռուսիոյ նախագահը շեշտած է, որ անհրաժեշտ է համարժէք պատասխան տալ ուքրանական կողմի հարուածներուն՝ զինուորական հրամանատարներէն պահանջելով ներկայացնել համապատասխան առաջարկներ։

Ան նաեւ հրահանգած է հրամանատարներուն անշեղօրէն իրականացնել իրենց առջեւ դրուած բոլոր առաջադրանքները՝ համաձայն Ռուսիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտապին մշակած ծրագիրին։

Փութին վստահութիւն յայտնած է, որ Ռուսիոյ զինուած ուժերը պիտի կարենան իրագործել Ուքրանիոյ մէջ ընթացող «յատուկ ռազմական գործողութեան» համար նախանշուած բոլոր նպատակները։