image

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Օժանդակութիւններ եւ յիշեցումներ

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Օժանդակութիւններ եւ յիշեցումներ

Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանազատումի համաձայնութեան ուղղութեամբ կը փորձուի գոյացնել այն համատարած համոզումը, որ անիկա շատ մօտալուտ է: Աւելի՛ն նոյնիսկ. թէ՛ ամերիկեան եւ թէ՛ իսրայէլեան կողմերէն այնպիսի յայտարարութիւններ կը կատարուին, որ համաձայնութիւնը կայացած է արդէն: Լիբանանեան կողմը կը շարունակէ պահել իր համեմատական զսպուածութիւնը, մինչ Հըզպալլան լիբանանեան իրաւունքներէն չզիջելու անտեղիտալիութեան ընդգծումներ կը կատարէ:

Համաձայնութեան արդէն իսկ կայացած ըլլալու յայտարարութիւնները ունին նաեւ քարոզչական բնոյթ. ըսել կ՛ուզեն, որ կողմերը ընդհանուր յայտարարներու յանգած են, եւ եթէ մետասաներորդ պահուն արգելակիչ ազդակներ յայտնուին, ապա պատասխանատուութիւնը կ՛երթայ Հըզպալլային, եւ լռելեայն` այդ կազմակերպութեան հովանաւոր պետութեան:

Դիւանագիտական բանակցութիւններու առընթեր օրինաչափութեան վերածուած է օգտագործել սպառնական ոճ, զօրքերը բերել պատրաստուածութեան բարձր աստիճանի եւ ուղերձներ յղել, այսպիսով առաւելագոյնը ստանալու համար: Ինչ որ կը շարունակէ կատարել Իսրայէլը:

Այս պարագային սակայն ընդհանուր իրադարձութիւններուն հետեւողը զուգահեռներ կը նկատէ Արեւմուտք – Իրան հիւլէական բանակցութիւններուն եւ ծովային սահմանազտումին միջեւ: Ընդհանուր միտումը Իրանի ապամեկուսացումն է` Ռուսիոյ դաշնութեան շրջափակման դիմաց: Իսկ միջերկրականեան ուժանիւթի օգտագործումը` ռուսական ուժանիւթային շուկայի չէզոքացման դիմաց այլընտրանքային կէտի մը ապահովումը:

Այս չի նշանակեր անշուշտ, որ յանկարծակի եւ շատ մօտալուտ վարդագոյն երանգներով պիտի ընթանան հետագայ իրադարձութիւնները, եւ Լիբանանը կտրուկ արագ քայլերով դուրս գայ փակուղիէն:

Փոփոխութիւնները կաթիլային բնոյթ ունին եւ անշուշտ պայմանական են: Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներուն  դեսպանութեան յայտարարութիւնը` սնունդի տագնապին առումով համեստ դասակարգին օժանդակելու կաթիլային քաղաքականութեան մաս կազմող մարդասիրական օժանդակութիւն է:

Չէ փոխուած օժանդակութիւն տրամադրելու եղանակը. դարձեալ շրջանցուած է կառավարութիւնը: Սնունդի տրամադրումի զանգուածային օժանդակութիւնը պիտի տրամադրուի ուղղակի ժողովուրդին` ՄԱԿ-ի ճամբով ուղղակի նպաստընկալ ընտանիքներուն:

Հաղորդագրութիւնը նշած է նաեւ, որ սնունդի համաշխարհային տագնապը սուր տեսք ստացած է Ուքրանիոյ պատերազմէն ետք. «Այս կացութիւնը աւելի եւս բարդացաւ Ուքրանիոյ վրայ կատարուած ռուսական յարձակումով, որ իր կարգին ժխտական ազդեցութիւն ունեցաւ Լիբանանի ներածած ցորենին վրայ»:

Եթէ ծովային սահմանազատման համաձայնութիւնը խանգարուի, պատճառը Իրանն է, ինչպէս փորձ կը կատարուի համոզելու հանրային կարծիքը, իսկ  սնունդի համաշխարհային տագնապի հիմնական պատասխանատուն Ռուսիոյ դաշնութիւնն է, որ յարձակած է Ուքրանիոյ վրայ:

Նոյն հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ գումարային բաժին մը  տնտեսական օժանդակութեան պիտի ծառայէ` նպաստելով բանջարեղէն ցանող երկրագործներուն, ինչպէս նաեւ ընդեղէնի եւ կաթնեղէնի արտադրութեան:

Միացեալ Նահանգներու օժանդակութիւններու բաժինը փաստօրէն ստանձնած է լիբանանեան կառավարութեան համապատասխան գերատեսչութիւններու գործառոյթները. ընկերային հարցերով կ՛օժանդակէ աղքատ խաւին եւ երկրագործութեան ոլորտին մէջ երկրագործներուն, ընդեղէնի եւ կաթնեղէնի արտադրութեամբ զբաղողներուն: Ընկերային հարցերու եւ երկրագործութեան նախարարութիւններուն փոխարէն:

Հրաժարած կառավարութիւն, նոր կառավարութեան կազմութեան նախադրեալներու բացակայութիւն եւ նախագահական ընտրութեան անորոշութիւն. զուգահեռ` սնունդի եւ երկրագործական արտադրութիւններու օժանդակութիւններ` միշտ շրջանցելով կառավարութիւնը: Օժանդակողները չեն մոռնար յիշեցնելու, թէ որո՛նք են այս կացութեան ստեղծման հիմնական պատասխանատուները:

 

 «Ա.»