Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը առ այն, որ թրքական դերակատարութիւնը Սուրիայով սահմանափակուած չէ եւ թէ թուրքերը Լիբանանի մէջ եւս ժխտական դերակատարութիւն ունին, կարելի է տեղաւորել Թուրքիա-Իսրայէլ որոշ ընդհատումներով ընթացող հռետորաբանական պատերազմի սահմաններուն մէջ: Այս սպառնական փոխասացութիւնները մինչ այժմ չէին հատեր յայտարարողական դաշտի սահմանները: Յայտարարութեան նախորդած մասը կը կապուի սուրիական տարածքներու վրայ Իսրայէլի իրականացուցած զինուորական յարձակումներուն հետ: Իսրայէլացի դիւանագէտը յայտնած էր, թէ Թուրքիան Իրանէն Հըզպալլային գումարներու փոխանցման մէջ դեր ունի:
Ուրեմն կը հասկցուի այն, որ Լիբանանի մէջ Անգարայի դերը Հըզպալլային գումար փոխանցելով կը խանգարէ Իսրայէլի շահերը: Իսկ Սուրիոյ պարագային, դարձեալ Իրանի հետ գործակցութեան մասին իսրայէլական ակնարկներ կը հնչեն այս անգամ պաշտպանութեան նախարարին ճամբով: Ան յայտարարեց, որ եթէ Դամասկոս Իսրայէլի թշնամի ուժերու Սուրիա մուտքը արտօնէ, շատ սուղ գին պիտի վճարէ: Թշնամի ուժեր բնականաբար նախ եւ առաջ իրանեանին կը վերաբերին: Ընդհանրացնելով եւ յոգնակի ձեւակերպումով թիրախաւորում կատարելով, Թել Աւիւի ներկայացուցիչը խորքին մէջ սլաք կ՛ուղղէ Անգարային:
Աւելի յստակ եւ ուղղակի պատգամը փոխանցեց Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը, երբ սուրիական տարածքներու վրայ գտնուող ռազմավարական կեդրոններու դէմ իրականացուած յարձակումին նպատակը բնորոշեց Անգարայի ուղղուած զգուշացումով:
Իր գլխաւոր թշնամին Իրանը նկատելով Թել Աւիւ իր ռազմական գործողութիւնները կը շարունակէ Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Երեք պարագաներուն ալ Անգարան կը ներկայացուի Թել Աւիւի կողմէ իբրեւ Իսրայէլի թշնամի պետութեան աջակցող: Լիբանանի պարագային իր ճամբով իրանեան նիւթական օժանդակութիւնները փոխադրելու կ՛աջակցի. Սուրիոյ պարագային կը զգուշացնէ, որ պիտի չարտօնէ թշնամի զօրքերուն մուտքը Սուրիա: Կազայի առումով թրքական դերին ուղղուած զգուշացումները դուրս չեն մնացած այս շարքէն:
Սուրիական տարածքներու վրայ իրականացուած իսրայէլեան գործողութիւնները Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին կողմէ կը պարզաբանուին իբրեւ զգուշացում` ուղղուած Թուրքիոյ նախագահին: Այս զգուշացումին` կը յաջորդէ այն, որ Իսրայէլի սահմաններէն որեւէ մէկուն վրայ 6 հոկտեմբեր 2023-ի կացութեան վերականգնումը պիտի չարտօնուի:
Հոկտեմբերը պարզ է, որ Կազային կը վերաբերի, եւ այստեղ Անգարայի զօրակցութիւնը Համասին կամ ընդհանրապէս պաղեստինցիներուն նկատմամբ անուղղակիօրէն կը դատապարտուի: Աւելի քաղաքական ընթերցումը այս բաժինին այն է, որ նախահոկտեմբերեան իրավիճակի ստեղծում Իսրայէլի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ արտօնելի չէ:
Խօսքը ուղղակիօրէն Սուրիոյ կը վերաբերի. կը շեշտուի, որ Թուքիան որեւէ ձեւով պէտք չէ օժանդակէ սուրիական տարածքներու վրայ Իսրայէլի սպառնալիք նկատուող զինուորական որեւէ միաւորի ստեղծման:
Կ՛արժէ յիշել, որ Անգարան իր հերթին նման զգուշացումներ ուղղած էր Իսրայէլին, քրտական զինեալ գործօնին օժանդակելու մեղադրանքներով:
Այս հանգամանքները կը յուշեն, որ առաջին փուլին նկատուած երկու պետութիւններու առիթաւորումը Սուրիոյ մէջ ստեղծուած նոր իրավիճակէն սկսած է փոխուիլ: Երկու նպաստաւորուող պետութիւնները շահերու բախման կէտեր ունին: Անցած են փոխզգուշացումի փուլ:
«Ա.»