Բնականաբար չեն բաւեր նախագահի ընտրութիւնը, վարչապետի նշանակումը, կառավարութեան կազմութիւնը, նոյնիսկ անոր աշխատանքային ծրագիրի վաւերացումը կամ վստահութեան քուէի շնորհումը: Այս բոլորը կը փոշիանան, եթէ արտաքին օժանդակութիւնները յանկարծակի սառին: Այս անգամ երկիրը նախագահով, վարչապետով, կառավարութեամբ կ՛անդամալուծուի եւ կը վերադառնայ այն իրավիճակին, որուն մէջ էր առանց պետական հաստատութիւններու ղեկավարներուն եւ առանց կառավարութեան:
Իսկ այս մօտեցումը առկայ է հնգեակին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ:
«Հնգեակը յանձնառու է վերաշինութեան թղթածրարին, պայմանով որ ատիկա տեղի ունենայ լիբանանեան պետութեան ամբողջական վերահսկողութեան տակ», նշած է Եգիպտոսի դեսպանը:
Լիբանանեան ամբողջական վերահսկողութիւնը արտաքին եւ ներքին իմաստներ ունի: Արտաքինը իսրայէլեան ուժերու հեռացումն է, ներքինը` Հըզպալլայի ռազմական գործօն ըլլալէ դադրեցումը: Մէկը միւսին փոխկապակցուած գործընթացներ, զուգահեռ, միաժամանակեայ, որոնց համատեղ իրականացումէն կախեալ է նաեւ երկրին վերաշինութիւնը բոլոր առումներով:
Հարաւային Լիբանանի մէջ արձանագրուած իսրայէլեան յարձակումները, Պէյրութի եւ տարբեր շրջաններու վրայ օդային պատի ճեղքումով պատերազմական յուշեր վերարթնցնելը, որոշ ընդհատումներով անօդաչուներու անարգել շրջագայութիւնները, քանի մը հաստատումներու եւ ենթադրութիւններու կ՛առաջնորդեն:
Նախ այն, որ Իսրայէլը կը շարունակէ խախտել հրադադարի համաձայնութիւնը եւ այս գործողութիւնները կը հիմնաւորէ այդ համաձայնութեամբ նշուած կողմերու ինքնապաշտպանութեան իրաւունքի սկզբունքով, երբ նկատուի զինուորական տեղաշարժ հակառակորդին կողմէ: Այս կէտը անշուշտ գրեթէ միակողմանի կ՛աշխատի եւ առիթ կու տայ, որ նման գործողութիւններ ձեռնարկուին Իսրայէլի կողմէ:
Իսրայէլեան ուժերու հեռացման նոր ժամկէտի յարգումը կը մնայ թէական: Թէեւ այս առումով փուլային հեռացման արարներ կ՛առարկայանան: Իսրայէլ հեռացումը կը պայմանաւորէ հիւսիսային Իսրայէլի ժողովուրդի վերադարձով եւ այդ հատուածի անվտանգութեան վերականգնումով:
Այս գործողութիւններու աշխուժացումը կրնայ բացատրուիլ մէկ կողմէ նախքան ուժերու յետքաշում վերջին առաւելները արձանագրելու քաղաքականութեամբ: Միւս կողմէ, աւելի կարճաժամկէտ դրուածքով կրնայ առնչուիլ նաեւ Հըզպալլայի նախկին ընդհանուր քարտուղարի յուղարկաւորութեան նախօրէին իրավիճակի ստեղծումով: Անապահովութեան մթնոլորտի ձեւաւորումով խանգարել զանգուածային ներկայութեան գոյառումը: Այս վերջին առաջադրանքը դժուար կ՛իրականանայ, նկատի ունենալով առնչուած համայնքին նման կոչերուն ընդառաջելու նախադէպերը եւ այս պարագային առիթի՛ն տարողութիւնը:
Թել Աւիւ պարզ դարձուցած է, որ ռազմավարական հինգ շրջաններ կան, որոնցմէ հեռանալու չի պատրաստուիր: Տարածաշրջանային ռազմաքաղաքական այս ամբողջ դիպաշարերէն ետք կ՛արձանագրուի, որ Իսրայէլ զինուորապէս ներկայ է Սուրիոյ, Կազայի եւ Լիբանանի տարածքներուն վրայ եւ անոնցմէ հեռացումը կը պայմանաւորէ իր կողմէ ճշդուած երաշխիքներով:
Իսրայէլեան ուժերու հեռացման գործընթացի աւարտէն առաջ Լիբանանի կառավարութեան ծրագրային յայտարարութիւնը մշակելը, բայց մանաւանդ խորհրդարանի նիստին զայն ներկայացնելն ու վստահութեան քուէ ստանալը տարակուսելի կը մնային: Խորհրդարանի նախագահին կողմէ աշխատանքային ծրագիրի քննարկման յատկացուած նիստի թուականի ճշդումը որոշ ընթացք կը կանխատեսէ: Այս պայմաններուն մէջ կը թուի, որ համաձայնութիւն գոյացած է յայտարարագիրի բովանդակութեան շուրջ, եւ այնտեղ բանաձեւուած են կէտեր, որոնք ընդունելի պիտի ըլլան գլխաւոր խմբակցութիւններուն կողմէ:
Արաբական աշխարհի թէ միջազգային ընտանիքի ներկայացուցիչներու յայտարարութիւնները առ այն, որ պիտի շարունակեն ճնշել, որպէսզի գործադրուին Թաէֆի որոշումներն ու զինադուլի պայմանները, կատարուելիքներու միաժամանակեայ կիրարկելի քաղաքականութեան մասին կը յուշեն:

«Ա.»