Նիւթը (անգլերէնով) պատրաստեց՝ Մակի Իշօ Նշանեան
Օրերս, Հանքարդիւնաբերութեան Մասնագիտական կողմնորոշման օրուան առթիւ, ԵՊՀ «Փոլիտեխնիքա»ի հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն, որու ընթացքին Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի համաշխարհային առաջադէմ ձայն, Հայաստանի միջազգային հանքարդիւնաբերութեան եւ մետաղագործութեան միութեան (AIMMS) եւ Հայաստանի միջազգային հանքարդինաբերութեան պալատի (ICMA) ներկայացուցիչ՝ Թերենս (Սրապ) Օրթսլանը մատուցեց շահեկան զեկոյց մը, ուր հանքարդիւնաբերութիւնը ներկայացուց ոչ միայն որպէս արդիւնաբերութիւն, այլ նաեւ որպէս տնտեսական հիմնաւոր լծակ կերտելու «Ազգային ռազմավարական հայեցակարգ»։ «Հանքարդիւնաբերութիւն եւ մետաղներու աշխարհ. անցեալի, ներկայի եւ ապագայի պատուհան» վերնագիրով զեկոյցը համոզիչ ակնարկ մը տուաւ, թէ ինչպէս Հայաստանը կրնայ ինքզինքը հաստատել համաշխարհային հանքարդիւնաբերութեան եւ մետաղներու զարգացող ոլորտին մէջ եւ դառնայ քաղաքական եւ տնտեսական լծակներ ունեցող երկիր շնորհիւ իր մետաղի արդիւնահանումին եւ հանքարդիւնաբերութեան:
Հիմնական ուղերձը
Ս. Օրթսլանի գլխաւոր ուղերձը հայ ուսանողներուն յստակ էր. հանքարդիւնաբերութիւնը կը պահանջէ ոչ միայն երկրաչափներ եւ երկրաբաններ այլ աւելին. այն կարիք ունի մտածողներու, ծրագրողներու, քաղաքականութիւն մշակողներու, ուսումնասիրողներու, համայնքային ծրագրողներու, իրաւաբաններու, բոլորը բազմաթիւ հմտութիւններով եւ ամէնէն կարեւորը, թերեւս, ճկուն հաղորդակցողներու, որոնք կարենան հանրութեան մօտ թրծել հանքարդիւնաբերութեան ոլորտի վերաբերեալ անհրաժեշտ գիտելիքները: Ան ամփոփելով ըսաւ.- «Եթէ դուք հետաքրքրուած էք, բազմակողմանի մասնագիտութիւններով զբաղած եւ նուիրուած էք Հայաստանի զարգացման, ուրեմն այս ոլորտը ձեր ասպարէզի իսկական տունն է»:
Հայաստանի երիտասարդները յաճախ կը գաղթեն փնտռելու գործի առիթներ, հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը կրնայ ըլլալ անկիւնաքարը, որ կը պահէ այդ տաղանդները եւ կ'ընդլայնէ ազգային կարողութիւնները: Այն կ'առաջարկէ աշխատատեղեր, որոնք կ'ընդգրկեն բացի գիտութենէ ու ճարտարագիտութենէ, նաեւ ֆինանսներ, իրաւաբանութիւն, կենսաբանութիւն, բնապահպանական ուսումնասիրութիւններ եւ ընկերային կենցաղ: Այն ոլորտ մըն է, որ ունի նպատակ՝ կառավարել Հայաստանի բնական պաշարները ընդհանուրի շահին համար:
Պաշարներ եւ աշխարհաքաղաքականութիւն. Հայաստանը պէտք է ըլլայ ռազմավարական
Օրցլան յիշեցուց ներկաներուն, որ բնական պաշարները, ճիշդ է առատ են աշխարհի զանազան մասերու մէջ, բայց անոնք հաւասարապէս բաժնուած չեն: Պաշարները իրաւունքով կը պատկանին ինքնիշխան պետութիւններուն, անոնց քաղաքացիներուն եւ համայնքներուն, եւ կը կառավարուին կառավարութիւններուն կողմէ որոշուած ռազմավարութեամբ եւ քաղաքականութեամբ եւ պատկան մարմիններու կողմէ համապատասխան արտօնութիւններով ու վարձակալութեան պայմանագիրներով: Հայաստանի համար թէ՛ պատասխանատուութիւն է եւ թէ եզակի հնարաւորութիւն յառաջանալու:
Քանի որ Չինաստանի պէս տէրութիւններ համաշխարհային մետաղներու սպառման եւ արտադրութեան մէջ մեծագոյնն են, եւ նկատի առնելով, որ Ասիոյ եւ Ափրիկէի նման զարգացող տարածաշրջաններ սկսած են դառնալ պահանջարկի նոր կեդրոններ, Հայաստան պէտք է որդեգրէ ռազմավարութիւն: Համաշխարհայնացման դարաշրջանը նահանջի մէջ է. տարածաշրջանային դաշինքները, պառակտումը, բեւեռացումը եւ պաշարներու անվտանգութիւնը կեդրոնական տեղ կը գրաւեն: Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Միջին Արեւելքի խաչմերուկը գտնուող Հայաստանին համար ասիկա հրաւէր է դառնալու կարեւոր խաղացող տարածաշրջանի պաշարներու քաղաքականութեան եւ մատակարարութեան մէջ: Հայաստանը պէտք է դիտարկէ երրորդ կամ չորրորդ ընտրանք իր ռազմավարական աշխարհաքաղաքական ներդրողներուն եւ սպառողներուն հետ որպէսզի ազգային գործընկերներուն հետ միասին զարգացնէ եւ շահագործէ Հայաստանի հանքարդիւնաբերական ոլորտը:
Աճելու ոլորտներ եւ նոր սահմաններ
Օրցլան ընդգծեց մետաղներու արագ աճող պահանջարկը, որ պայմանաւորուած է աշխարհի բնակչութեան աճով եւ կենսամակարդակի բարձրացման անհրաժեշտութեամբ, յատկապէս կանաչ ուժանիւթի տարածման ֆոնին, երբ ելեկտրական փոխադրամիջոցները մեծապէս կախեալ են պղինձէն, լիթիումէն եւ հազուագիւտ մետաղներէն: Հայաստանի երկրաբանական բազմազանութեան եւ հանքարդիւնաբերական ժառանգութեան շնորհիւ իրական հնարաւորութիւն կայ նպաստելու համաշխարհային կայունութեան նպատակներուն միեւնոյն ատեն կառուցելու դիմացկուն ներքին եւ տարածաշրջանային տնտեսութիւն:
Ան նաեւ մատնանշեց ճարտարագիտական սահմանները, օրինակ՝ ովկիանոսային հանքարդիւնաբերութիւնը եւ որոշ տարածաշրջաններու չօգտագործուած պաշարը ինչպէս Կրինլանտինը, կը նմանին Հայաստանի սեփական թերուսումնասիրուած հանքավայրերուն: Չնայած Հայաստանը չունի ովկիանոսային տարածք, սակայն այն կրնայ օրինակ համատեղ ձեռնարկութիւններ ստեղծել ամբողջ աշխարհով եւ ընդլայնել իր հանքարդիւնաբերական սահմանները: Հայաստանը դիւրիւթեամբ կրնայ դառնալ հետազօտութիւններու, քաղաքականութեան եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան կեդրոն օգտագործելու գիտական եւ բնապահպանական հանքարդիւնաբերական ճարտարագիտութիւնները հանքարդիւնաբերական բոլոր տեսակի գործունէութեան համար: Միեւնոյն ժամանակ, «առաջին քայլ» առնելու ռազմավարութիւնը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն Հայաստանին համար, քանի որ չզարգացած հանքարդիւնաբերական նախագիծերու ցանկը երկար է, եւ այդ հեռանկարները իրականացնելու համար միջազգային սահմանափակ դրամագլուխ, թոյլտուութիւններ եւ երկրաչափական կարողութիւններ կան:
Ոլորտ, որ կ'ուժեղացնէ ազգեր եւ ոչ միայն ընկերութիւններ
Սրապի դասախօսութեան ակնառու կէտերէն մէկը այն էր, երբ շեշտեց թէ հանքարդիւնաբերութիւնը շահոյթ ապահովելէ բացի նաեւ կ'աջակցի ազգաշինութեան: Ան մէջբերեց համաշխարհային տուեալներ, որոնք ցոյց կու տան, որ հանքարդիւնաբերութեան ոլորտը կրնայ կառուցել տնտեսութիւն երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ զուգահեռ զարգացնելով ենթակառուցուածքները: Ան նաեւ ընդգծեց, որ հակառակ հանրային ըմբռնումներուն, հանքարդիւնաբերութեան եւ մետաղագործութեան ոլորտն ունի ամէնէն ցած մահացութեան եւ վնասներու մակարդակ հիմնական արդիւնաբերութիւններուն մէջ, ինչպէս՝ շինարարութեան, եւ այդ շնորհիւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք որդեգրուած առողջապահութեան, անվտանգութեան եւ բնապահպանութեան կանոններուն եւ կիրառումներուն:
Հայաստանը կրնայ ըլլալ առաջատար իր նման երկիրներուն մէջ, օրինակ ծառայելով անոնց այս ոլորտով: Պատշաճ կարգաւորումներով, թափանցիկութեամբ եւ համայնքի ներգրաւուածութեամբ ոլորտը կրնայ ստեղծել բարձր աշխատավարձերով գործեր եւ աւելի հմուտ տնտեսութիւն, որ կրնայ ֆինանսաւորել կրթութիւնը եւ ենթակառուցուածքները եւ պահել Հայաստանի պայծառամիտները իրենց հայրենիքին մէջ համաշխարհային տեսլականով եւ փորձով:
Ինչ քայլերու պէտք է դիմէ Հայաստանը յառաջիկային.-
Այս տեսլականն իրականացնելու համար Սրապ շեշտեց հետեւեալ քայլերու անհրաժեշտութիւնը.
• Կրթութեան մէջ բարեփոխութիւններ, որոնք կ'օգնեն պատրաստելու տարբեր մասնագէտներ։
• Պետական-սեփական համագործակցութիւն արագացնելու ուսումնասիրութիւններու, հանքարդիւնաբերութեան զարգացման, ենթակառուցուածքներու եւ արտադրութեան գործընթացը։
• Թափանցիկ կառավարում պաշարները երկարաժամկէտ օգտագործելու համար յօգուտ ազգային շահին դիմելով անկախ հաստատութիւններու, որոնք կեդրոնացած են բարձր մակարդակի կառավարման մարզին վրայ։
• Սփիւռքի ներգրաւում օգտուելու անոնց համաշխարհային փորձառութենէն, աջակցութենէն եւ ներդրումներէն։
Եզրակացութիւն։ Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան եւ մետաղագործութեան ոլորտը անցեալի մասունք մը չէ, այլ կամուրջ է դէպի ապագայ։ Միջազգային խորհրդատուական եւ քննչական ընկերութեան կողմէ առաջարկուած եւ սերտուած ռազմավարութեան մը շնորհիւ, ինչպէս նաեւ փորձառու մարդոց եւ ղեկավարութեան ներկայութեամբ այն կրնայ ըլլալ շարժող ուժ տնտեսութեան, քաղաքական անկախութեան եւ տարածաշրջանի մէջ առաջնորդութեան։
Հայաստանը ունի բոլոր միջոցները իր նպատակին հասնելու համար։ Այն միայն քանի մը քայլ հեռու է օրինակելի զարգացումէն, որ պիտի տանի իր տնտեսութիւնը ծառայութիւններ մատուցելէ անդին։ Այս քայլերը պէտք է առնուին այս ոլորտին յատուկ տարրական ռազմավարութեամբ՝ միացնելով ներուժի զարգացումը եւ երկրի երկրաբանական կարողութիւններու իրացումը հետագային նուաճելու յաջող յայտնագործութիւններ։
Գործի անցնիլը հրամայական առաջնահերթութիւն է...:
Անգլերէնէ թարգմանութիւնը՝ «Արեւելք»ի