Այս մասին գրած է բրիտանական Daily Mail պարբերականը եւ նշած է, որ լուսանկարիչը առաջին անգամ իր աշխատանքը կատարած է այն ժամանակ, երբ քաղաքին մէջ իրավիճակն այնքան ալ ապահով չէ եղած:
«Ես լուսանկարչական շրջագայութեան էի Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ եւ կը նախատեսէի երկու օր անցնել Մուսուլի մէջ: Այնուամենայնիւ, չյաջողեցայ ձեռք բերել իրաքեան վիզա, որ հարկաւոր է Քիւրտիստանի տարածաշրջանէն դուրս, եւ որ շատ դժուար է ձեռք բերել: Սահմանն անցնելու առաջին փորձը ձախողած էր: Երկրորդ փորձի ժամանակ մէկ այլ սահմանային անցակէտին մենք կրցանք անցնիլ այն», – նշած է լուսանկարիչը։
Լուսանկարիչը նշած է, որ շատ ծանր է գիտակցումն առ այն, որ կանգնած ես դաժան պատերազմի հետեւանքով առաջացած փլատակներու վրայ:
Առաջին այցելութենէն ետք, որ տեղի ունեցած էր 2017 թուականին, լուսանկարիչը Մուսուլ վերադարձած է 2019-ին եւ բացայայտած, որ քաղաքին մէջ կեանքը սկսած է զարգանալ։














