image
Հրատապ լուրեր:

«Անհասկնալի» պայթում ԱՄՆ Արտեզիա քաղաքին մէջ

«Անհասկնալի» պայթում ԱՄՆ Արտեզիա  քաղաքին մէջ

Անհասկնալի պայթում մը ցնցած է Միացեալ Նահանգներու Արտեզիա քաղաքը։

ԱՄՆ-ի Նիւ Մեքսիքօ նահանգի Արտեզիա քաղաքին մէջ գտնուող H.F. Sinclair ընկերութեան նաւթավերամշակման գործարանին մէջ ուրբաթ օր տեղի ունեցած պայթումը խիտ ծուխ առաջացուցած է, որ նկատուած է քաղաքի տարբեր շրջաններէն։

Ինչպէս կը հաղորդէ Associated Press-ը, հրդեհը արագ մարուած է, սակայն երեք անձ հիւանդանոց տեղափոխուած են։

Ընկերութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ յայտնած է, թէ կենսոլորտին մէջ  վտանգաւոր արտահոսք չէ արձանագրուած։ Պատահարի շուրջ ներկայիս հետազօտութիւն կը կատարուի։