image

«Ընդդիմադիր» զինեալներ մուտք գործած են «Հալապ ալ ժատիտա» շրջանը. Al Jadeed

«Ընդդիմադիր» զինեալներ մուտք գործած են «Հալապ ալ ժատիտա» շրջանը. Al Jadeed

Հալէպի պատերազմին մասնակցող ընդդիմադիր զինեալներ կրցած են մուտք գործել «Հալապ ալ ժատիտա» թաղամաս: Այս մասին կը փոխանցէ լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ամիսներէ ի վէր այս առաջին անգամն է, որ ընդդիմադիր զինեալներ կրցած են հատել Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ եղող այդ կարեւորագոյն շրջանը:Կայանը նաեւ կը նշէ, որ երէկ իրիկուընէ ի վեր շրջանին մէջ թէժ մարտեր կը գրանցուին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ընդդիմադիրները երեք կողմերէ պաշարման տակ առած են Հալէպի «զինուորական ակադեմիան», որ կը համարուի սուրիական բանակի կարեւորագոյն կեդրոնատեղիներէն մին քաղաքին մէջ: Ուշագրաւ է, որ հակառակ անոր, որ «Ալ Ժատիտ»ը կը համարուի Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտ եղող կայան մը, նմանօրինակ լուր մը կը փոխանցէ առանց վերապահութիւններու, նոյնիսկ ահաբեկիչ զինեալները կոչելով ՝ ընդդիմադիր զինեալներ:

Յիշեցնենք, որ այսօր ալ, ինչպէս անցնող օրերուն քաղաքը զրկուած է համացանցէ, հետեւաբար յայտնուած է «աշխարհէն կտրուած» վիճակի մը մէջ: