Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յայտարարած է, որ ատրպէյճանական կողմը 2020-ի աշնան Ղարաբաղի մէջ մարտերու ընթացքին չէ արձանագրած Հայաստանի կողմէ «Իսկանտար» համալիրներու օգտագործում:
«Ես չեմ ուզեր հեգնական ըլլալ այս կապակցութեամբ, բայց ռուսական կողմէն կային որոշակի մեկնաբանութիւններ: Պէտք է մեծ ջանք գործադրել, որպէսզի այս հրթիռը պայթի իր հզօրութեան 10%-ով: Մենք չենք արձանագրած «Իսկանտար» հրթիռային համակարգի օգտագործումը, սակայն երէկուայ յայտարարութենէն ետք մենք կրկին հարցուցինք եւ տեսանք, որ նման բան չէ եղած», - ըսած է Ալիեւը արտասահմանեան եւ տեղական ԶԼՄ-ներու մամուլի հետ ասուլիսի ժամանակ: