Հալէպի պատերազմին մասնակցող ընդդիմադիր զինեալներ կրցած են մուտք գործել «Հալապ ալ ժատիտա» թաղամաս: Այս մասին կը փոխանցէ լիբանանեան «Ալ Ժատիտ» կայանը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ ամիսներէ ի վէր այս առաջին անգամն է, որ ընդդիմադիր զինեալներ կրցած են հատել Սուրիոյ բանակի տիրապետութեան տակ եղող այդ կարեւորագոյն շրջանը:Կայանը նաեւ կը նշէ, որ երէկ իրիկուընէ ի վեր շրջանին մէջ թէժ մարտեր կը գրանցուին: Կը հաղորդուի նաեւ, որ ընդդիմադիրները երեք կողմերէ պաշարման տակ առած են Հալէպի «զինուորական ակադեմիան», որ կը համարուի սուրիական բանակի կարեւորագոյն կեդրոնատեղիներէն մին քաղաքին մէջ: Ուշագրաւ է, որ հակառակ անոր, որ «Ալ Ժատիտ»ը կը համարուի Սուրիոյ իշխանութիւններուն մօտ եղող կայան մը, նմանօրինակ լուր մը կը փոխանցէ առանց վերապահութիւններու, նոյնիսկ ահաբեկիչ զինեալները կոչելով ՝ ընդդիմադիր զինեալներ:
Յիշեցնենք, որ այսօր ալ, ինչպէս անցնող օրերուն քաղաքը զրկուած է համացանցէ, հետեւաբար յայտնուած է «աշխարհէն կտրուած» վիճակի մը մէջ: