| Թոսունեան մահացած է Մար Մըխայէլ շրջանին մէջ, որ կը համարուի մեծ թիւով հայորդիներով բնակեցուած քրիստոնէական թաղամաս։ | |
«Արեւելք»ին յայտնի դարձաւ երէկ Պէյրութը ցնցած պայթումին հետեւանքով զոհուած 5-րդ հայորդիին անունը ՝ Վարուժան Թոսունեան է։
Մեր տուեալներով Թոսունեան մահացած է Մար Մըխայէլ շրջանին մէջ, որ կը համարուի մեծ թիւով հայորդիներով բնակեցուած քրիստոնէական թաղամաս։
Հանգուցեալը 60 տարեկան էր։
Յիշեցնենք, որ վերջին տուեալներով Պէյրութի մէջ զոհուած հայորդիներուն թիւը 6-ն է. իսկ նահատակ հայորդիներուն անուններն են ՝ Նազար Նաճարեան, Ճէսիքա Պէզճեան, Տէլիա Փափազեան, Ժագ Պարամաքեան, եւ վերջին յայտնի անունը՝ Վարուժան Թոսունեան։
Նշենք, որ Պէյրութի պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը անցած է 100-ը եւ ըստ երկրի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն, թիւը կրնայ յաւելեալ աճ գրանցել։