image

Պաղտատ.Սարսափելի հրդեհ «Քովիտ»էն բուժման յատկացուած հիւանդանոցի մը մէջ. Զոհուած են 80-է աւելի քաղաքացիներ

Պաղտատ.Սարսափելի հրդեհ «Քովիտ»էն  բուժման յատկացուած հիւանդանոցի մը մէջ. Զոհուած են 80-է աւելի քաղաքացիներ

Սարսափելի հրդեհ մը ծագած է Պաղտատի «Ժըսր տիալա» շրջանին մէջ գտնուող «Ըպն ալ խաթիպ» հիւանդանոցին մէջ։

 

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց «Սքայ նիւզ Արապիա» կայքէն։

 

 Աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հրդեհը ծագած է «Քովիտ»էն բուժուելու համար նախատեսուած հիւանդանոցին մէջ, որուն հետեւանքով ալ մահացած են 80-է աւելի անձեր, իսկ վիրաւորներուն թիւը անցած է 110-ն։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ հրդեհը հետեւանք էր թթուածինի ամբարին մէջ եղած պայթումի մը։

 

 Իր կարգին Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Ալ Քազէմի ցաւ յայտնած է եղածին վերաբերեալ նշելով, որ դէպքը հետեւանք է երկար տարիներու ընթացքին երկրին մէջ տիրող մթնոլորտին ու նաեւ կուտակուած սխալներուն։

 Ան իրաւապահ մարմիններուն յորդորած է արագօրէն քննութիւն բանալ եղածին շուրջ ու նաեւ պատժել յանցաւոր կողմերը։