Սուրիական կողմը յաջողած է դէմ դնել եռակողմ դաշինքի հարուածներուն: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցեց Sky News-ը նշելով, որ սուրիական պաշտօնական աղբիւրներու համաձայն Սուրիոյ պաշտպանական համակարգերը յաջողած են վար առնել եռակողմ դաշինքի 13 հրթիռներ:Սուրիական այլ աղբիւրներ նոյնպէս կը հաղորդեն, որ Սուրիոյ բանակի հրամանատարութիւնը յաջողած է դատարկել հարուածի ենթարկուած կարեւոր կեդրոնները:
Ըստ նախնական տուեալներու թիրախ դարձած են Հոմսի արեւմտեան շրջանին մէջ գտնուող Սուրիոյ բանակի կարգ մը պահեստանոցներ,ինչպէս նաեւ Պարազա աւանին մէջ գտնուող կեդրոններ:
Նախնական տուեալները կը խօսին վերոնշեալ շրջաններուն մէջ գրանցուած նիւթական վնասներու մասին եւ մարդկային տոյժերու մասին ցարդ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: