image

Իրանի հետ մասնագիտական բանակցութիւնները պիտի սկսին 30 յունիսին. Ռուպիօ

Իրանի հետ մասնագիտական բանակցութիւնները պիտի սկսին 30 յունիսին. Ռուպիօ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոն յայտնած է, որ Իրանի հետ մասնագիտական եւ գործնական բանակցութիւնները պիտի սկսին Յունիս 30-ին։ Ան յստակացուցած է, որ հանդիպումը պիտի կայանայ փորձագիտական մակարդակով։ Անոր պիտի մասնակցին տարբեր հարցերով աշխատանքային խումբեր, ներառեալ՝ Արտաքին գործոց նախարարութեան եւ ուժանիւթի նախարարութեան ներկայացուցիչներ։

Ռուպիոն նաեւ յայտարարած է, որ Իրանը պէտք է կարելի եղածին չափ շուտ արտօնէ միջուկային տեսուչներու մուտքը երկիր։ Ան նշած է, որ այդ մէկը իրանական կողմին տուած խոստումն է եւ պէտք է կատարուի։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփն ալ յայտարարած է, որ ամերիկացի տեսուչները պիտի միանան Միջազգային Աթոմային ուժանիւթի գործակալութեան փորձագէտներուն՝ իրանական հարստացուած ուրանի պաշարները գտնելու համար։ Միեւնոյն ատեն, Թրամփ յստակացուցած է, որ այդ հարցով չեն շտապեր։

Թեհրանն իր կարգին հերքած է, թէ տեսուչները երկրի մէջ ընդունելու հարցով որեւէ պարտաւորութիւն ստանձնած է։