Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի Կլենտէյլ քաղաքի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ոստիկանապետի պաշտօնը պիտի զբաղցնէ հայազգի պաշտօնեայ։ Այս մասին հաղորդած է US Armenia հեռուստաընկերութիւնը՝ նշելով, որ Ռոպերթ Ուիլիըմը շուրջ 24 տարի ծառայած է Կլենտէյլի ոստիկանութեան համակարգին մէջ՝ անցնելով ծառայողական տարբեր աստիճաններէ։
Ան ստանձնած է քաղաքի 21-րդ ոստիկանապետի պաշտօնը։
Ուիլիըմ նշած է, որ իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնները քաղաքի անվտանգութեան ապահովումն ու տարբեր համայնքներու հետ սերտ համագործակցութիւնն են։
«Հպարտ եմ, որ դարձած եմ Կլենտէյլի առաջին հայազգի ոստիկանապետը։ Սակայն իմ նպատակը երբեք առաջին հայ ոստիկանապետը դառնալը չէ եղած։ Իմ նպատակը եղած է դառնալ այնպիսի ոստիկանապետ, որ կրնայ քաղաքը անվտանգ պահել»,– ըսած է ան։
Անոր խօսքով՝ հայկական ինքնութիւնը մշտապէս կարեւոր դեր ունեցած է իր կեանքին մէջ։
«Հայկական ազգանուն չունիմ։ Հայրս ասորի եւ հայ է, մայրս՝ հայ։ Մեր տան մէջ մենք միայն հայերէն խօսած ենք»,– նշած է նորանշանակ ոստիկանապետը։
Կլենտէյլի ոստիկանութիւնը Լոս Անճելըս շրջանի խոշորագոյն իրաւապահ կառոյցներէն մէկն է։ Այն ունի աւելի քան 500 աշխատակից, որոնցմէ շուրջ 270-ը ոստիկաններ են, իսկ տարեկան պիւտճէն կը գերազանցէ 150 միլիոն տոլարը։
Ռոպերթ Ուիլիըմ համոզում յայտնած է, որ իր նշանակումը կրնայ օրինակ ծառայել երիտասարդներուն, մասնաւորաբար՝ հայ երիտասարդներուն համար։
«Եթէ երիտասարդները տեսնեն, որ այս ճանապարհը ինծի համար բաց եղած է, ապա պիտի հասկնան, որ այն բաց է նաեւ իրենց համար»,– ըսած է ան։
Նորանշանակ ոստիկանապետը նաեւ բարձր գնահատած է Հայաստանի ոստիկանութեան հետ համագործակցութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ այն ապագային աւելի պիտի ընդլայնուի։
Նորանշանակ ոստիկանապետին պաշտօնավարման առաջին օրը անցած է բազմաթիւ շնորհաւորանքներու եւ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ, սակայն անոր կը սպասուի պատասխանատու աշխատանք՝ ուղղուած քաղաքի անվտանգութեան պահպանման եւ ոստիկանութեան համակարգի զարգացման։