Լիբանանի Ներքին անվտանգութեան գլխաւոր վարչութիւնը յայտարարած է, որ վերջին շրջանին Ելեկտրոնային յանցագործութիւններու դէմ պայքարի գրասենեակը մեծ թիւով քաղաքացիներու կողմէ բողոքներ ստացած է, թէ իրենց «Ուաթսափ»ի հաշիւը անյայտ անձերու կողմէ ցանցահէնութեան ենթարկուած է:
«Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքին փոխանցմամբ, անյայտ անձը նախ իր զոհին կարճ հաղորդագրութեան միջոցով ծածկագիր մը կ'ուղարկէ, այնուհետեւ կը խնդրէ այդ ծածկագիրը կրկին ուղարկել իրեն, յայտնելով, որ այն սխալմամբ ուղարկուած է, որմէ ետք յաւելուածի օգտատիրոջ հաշիւը կ'առնուի իր տրամադրութեան տակ, իսկ վերջինս չի կրնար վերականգնել այն, որովհետեւ ցանցահէնը գաղտնաբառը փոխած է արդէն:
Տուժողի հաշիւը ձեռք առնելէ ետք ցանցահէնները կը դիմեն տարբեր յանցաւոր արարքներու, որոնցմէ են հաշիւի տիրոջ ծանօթներուն իր անունով անբարոյական նկարներ ուղարկելը, հաշիւը վերականգնելու համար մեծ գումարներ պահանջելը, եւ այլն: