Ո՞վ է հարց պիտի տանք, ո՞վ է Լիբանանի թիւ մէկ թշնամին։ Այս հարցումը լսելի դարձած է տարբեր առիթներով։ Յատկապէս անոնք, որոնք չեն «ճանչցած» Լիբանանը, չեն գիտեր անոր ներքին բաժանումները, դաւական փոխ-յարաբերութիւնները, վէճերն ու իւրայատկութիւնները պահուան մը համար շփոթ կ՚ապրին։
Նոյն անոնք արագօրէն կը բանան Լիբանանի մասին հրապարակուած հատորները եւ «խոշորացոյց»ով կը փնտռեն, իրենց ոչ այնքան հռետորական, ինչքան իրատեսական հարցումին պատասխանը։
Իրօք ո՞վ է Լիբանանի իրական թշնամին։
Քրիստոնեայ հատուածները, կամ անոնք, որ Եւրոպայի ցամաքէն կը նային Միջին Արեւելքի հարցերուն կը հաւատան, կամ հաւատալով կը յայտարարեն, որ Լիբանանի իրական թշնամին պաղեստինցիներն են, որոնք թուականին «Նաքպա»էն ետք բռնի կերպով տեղահան եղան ու հարիւր հազարներով Լիբանան հաստատուեցան։ Յետոյ ուզեցին, Իսրայէլի դէմ իրենց ընտրած զինեալ պայքարը լիբանանեան հողերէն սկսիլ, երկրի ներքին հարցերուն ու բնակչութեան խնդիրներուն միջամուտ ըլլալ, մինչեւ անգամ յայտարարել, որ Երուսաղէմ ճանապարհը Լիբանանի Ճիւնի ծովեզերեայ քաղաքէն «կ՚անցնի»։ Այդ օրերուն անոնք կը խօսէին «այլընտրանք» հայրենիքի մը մասին, որուն հիմնական արգելքը Լիբանանի քրիստոնեաներն էին։
Աւելի ուշ պաղեստինցիները կամ աւելի ճիշդ անոնց զինեալ քատրերն ու ղեկավարները «քշուեցան» Պէյրութէն ու բոլորին համար պարզ դարձաւ, որ Լիբանանի իրական թշնամիները պաղեստինցիները չէին։
Նոյնը եղաւ սուրիական ներկայութեան պարագային։ Սուրիացիք, կամ Սուրիոյ բանակի ստորաբաժանումները այս անգամ Լիբանան «հրաւիրուեցան» քրիստոնեաներուն հրաւէրով։ Սուրիական ուժերը փորձեցին պահպանել «խաղի կանոնները» ու նաեւ հսկել, որ Լիբանանի իսլամական թեւը, որ տարբեր եւ հասկնալի պատճառներու բերումով միացած էր պաղեստինցիներուն, մահացու հարուած մը չտայ քրիստոնեաներուն։ Սուրիացիք կատարեցին մեծ զոհողութիւնները, ունեցան մեծ ու աններելի սխալներ, դարձան աջակողմեան թեքում ունեցող եւ դէպի արեւմուտք նայող քրիստոնեայ ուժերուն բացայայտ թշնամին։ Ապա ստիպուած եղան դուրս գալ Լիբանանէն, այդպիսով ստեղծելով բոլորովին նոր իրավիճակ մը, որ յատկանշուեցաւ ներքին ուժեղ լարումներով, հակասութիւններով եւ հարցերով։ Այդ ժամանակ նոյնպէս պարզուեցաւ, որ սուրիացիք չէին Լիբանանի իրական թշնամին։ Ճիշդ է, որ սուրիական կողմը մեծ սխալներ թոյլ տուաւ, բայց եւ այնպէս յատկապէս 1990 մինչեւ 2015 թուականը, երկիրը ապրեցաւ համեմատաբար խաղաղ եւ տնտեսական վերելքի փուլ մը, որուն մէջ կարեւոր ներդրում ունեցան նոյնպէս սուրիացիները։
Սուրիացիները մոռացութեան մատնուեցան ու պարզ դարձաւ, որ ինչ որ բան, ինչ որ տեղ դարձեալ սխալ էր։
Այդ փուլէն ետք ալ Լիբանան չկարողացաւ «կարգի բերել» իր պարտքերու, կենսոլորտի, քաղաքացիական հասարակութեան պահանջներու, ընկերային հաւասարութեան հարցերու կարգաւորումն ապահովել։
Այդ բոլորին առընթեր, դարձեալ երկրին մէջ առկայ յստակ բաժանումներուն հետեւանքով մէջտեղ եկան իրերամերժ թեւեր եւ հրապարակ նետուեցան հակասական «հաստատումներ»։
Շատերուն համար Լիբանանի իրական թշնամին Իսրայէլն էր, իսկ այդ «շատերու»ն դէմ եղող հատուածին համար Լիբանանի իրական թշնամին Իրանն էր։
Յստակ էր, որ Իսրայէլի եւ արեւմտեան պլոքին (յատկապէս ՝ԱՄՆ-ին) դէմ եղող կողմը իր «պարտամուրհակ»ը կը վճարէր արեան ճանապարհով։ «Հըզպալլա» կուսակցութեան ճամբով այդ թեւին հաւատացողները կը յաջողէին իսրայէլեան ուժերը դուրս քշել Լիբանանէն ու այդպիսով յաջողեցան խաղի բոլոր կանոնները փոփոխութեան ենթարկել։
Իսրայէլեան բանակը դուրս եկաւ Լիբանանէն (2000), սակայն Լիբանան չբռնեց խաղաղութեան եւ բարօրութեան ճամբան։ Այստեղ էր նաեւ, որ «Հըզպալլա»ն մեղադրող կողմերը փորձեցին պատասխանել իմ հարցումիս եւ ըսին,- « Ո՛չ Իսրայէլը Լիբանանի իրական թշնամին չէ»։
Աւելի ուշ ամերիկեան կողմը, «յոգնելով» Լիբանանի համար նախատեսուած ծրագրերէն, «իր ճակատագրին» ձգեց Լիբանանը եւ ձեւով մը «ծախել» իր հիմնական դաշնակիցները։
Այդ պարագային ալ Լիբանան դարձեալ «հանգիստ» օր մը չապրեցաւ ու դարձեալ պարզուեցաւ , որ Լիբանանի թիւ մէկ թշնամին Ամերիկան չէ։
Նոյնը կարելի է ըսել եւրոպացիներուն, սէուտցիներուն, իրանցիներուն ու շատերուն մասին, որոնք այս կամ այն կերպ առնչութիւն ունին Լիբանանին հետ։
Այսօր Լիբանան յայտնուած է բաւականին բարդ դրութեան մը մէջ։ Կայ վարչապետ, որ անցեալ մայիսին վերըստանձնեց երկիրը ղեկավարելու գործը, սակայն չկայ կառավարութիւն։
Կայ նախագահ, որ բարեփոխումներու մեծ խոստումներով Պաապտայի պալատ հասաւ, սակայն այսօր յայտնուած է բաւականին դժուարին դրութեան մը մէջ ու անցեալի իր «ուժեղ» մօտեցումները մէկդի դնելով անցած է քաղաքական ուժերուն խրատներ տալու թոյլ կեցուածքին։
Կայ խորհրդարանի նախագահ, որ տարբեր առիթներով յաջողած է պահպանել երկրի ներքին հաւասարակշռութիւնները, սակայն այսօր նոյնպէս «անդամալուծուած է» եւ անկարող առկայ «հիւանդութիւններ»ը բուժելու։
Կայ, գոյութիւն ունի հզօր կուսակցութիւն ՝«Հըզպալլա»ն, որ հակառակ Իսրայէլին դէմ դնելու եւ Սուրիոյ պատերազմին մէջ կարեւոր յառաջխաղացք արձանագրելու, առաջուան պատկերը չունի եւ անոր գործունէութեան եւ անունին շուրջ չկայ առաջուան համալիբանանեան «համաձայնութիւն»ը։
Այսպիսի իրավիճակի մէջ է գողտրիկ Լիբանանը, ու տխուրն այն է, որ այդքան փոքրիկ, բայց մեզի հայերուս համար այդքան արժէքաւոր ու մեծ համարուող երկրին իրական թշնամիները, նոյնիքն իր քաղաքացիներն են։
Լիբանանցիներն են իրենց երկրին «իրական թշնամին». Հարց պիտի տաք ինչո՞ւ, իսկ այդ հարցումին պատասխանը այլ առիթով։
Սագօ Արեան