image
Հրատապ լուրեր:

Վարչապետ Փաշինեան ուղիղ եթերով ցոյց տուաւ իր առանձանատունը

Վարչապետ Փաշինեան ուղիղ եթերով ցոյց տուաւ իր առանձանատունը

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ինչպէս խոստացած էր, այսօր՝ ճիշդ ժամը 13-ին, իր ֆէյսպուքեան էջէն ուղիղ հեռարձակմամբ հանրութեան ցոյց տուաւ թիւ 1 կառավարական առանձնատունը, ուր մինչ այդ բնակած է ՀՀ 3 –րդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը՝ իր ընտանիքի հետ:

 

Ան առանձնատունը ցոյց տալէ ետք նշած է. «Շատերին հետաքրքրում է՝ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպում եղել է, թէ՞ ոչ. ես չեմ հանդիպել: Այն օրը տղաս՝ Աշոտը, Սերժ Սարգսեանին տեսել է, ինքս այս տարածքում որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայի չեմ տեսել»:

 

Ան նշած, որ կառավարական առանձնատուներու մէջ այս պահին կ'ապրին Սերժ Սարգսեանը, ՀՀ նախկին արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանը, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեանը:

 

Որպէս վերջաբան Նիկոլ Փաշինեանը յայտնած է, որ պիտի երթայ բժիշկի ու աւելցուցած է. «Եւ որեւէ կասկած չունենաք՝ ամէն ինչ շատ լաւ է լինելու: Կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցե՛նք մենք եւ մեր երեխաները, որ արդէն իսկ ապրում ենք ազատ եւ երջանիիկ  Հայաստանում»: