image

Ալիք Աշճեանի նոր հանգրուանը՝ Պուտափեշտէն դէպի Միջազգային ասպարէզ

Ալիք Աշճեանի նոր հանգրուանը՝ Պուտափեշտէն դէպի Միջազգային ասպարէզ

Ուսումնական իւրաքանչիւր յաջողութիւն իր ետին ունի տարիներու հետեւողական աշխատանք, նուիրում եւ նպատակասլացութիւն։ Այդպիսի հպարտալի հանգրուանի մը հասած է Ալիք Աշճեան, որ Պուտափեշտի Քորվինուս համալսարանէն ստացած է Միջազգային յարաբերութիւններու արուեստից պսակաւորի՝ Bachelor of Arts-ի վկայականը։

Կեդրոնական Եւրոպայի առաջատար համալսարաններէն մէկուն մէջ իր ուսումնառութեան տարիներուն Ալիք Աշճեան ակադեմական բարձր արդիւնքները յաջողած է համադրել դիւանագիտական ոլորտի փորձաշրջաններու եւ գործնական աշխատանքի հետ։ Այժմ ան կը պատրաստուի ուսումը շարունակելու յետբուհական մակարդակով՝ միաժամանակ զարգացնելով միջազգային յարաբերութիւններու ասպարէզին մէջ իր մասնագիտական ուղին։

Այս ուրախ առիթով իմաստալից եւ սրտառուչ գրառում մը կատարած է Ալիք Աշճեանի հայրը՝ Կիպրոսի հայկական համայնքի եռանդուն անդամներէն Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան։ Ան իր հպարտութիւնը արտայայտած է ոչ միայն իր դստեր ձեռք բերած վկայականին, այլեւ անոր մարդկային արժանիքներուն, համեստութեան, վճռակամութեան եւ ծառայելու պատրաստակամութեան համար։

Ստորեւ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանի գրառումը։

«Հպարտ ծնողներ։ Հպարտութեան եւս մէկ պահ։ 🎓

Մեր դուստրը՝ Ալիք Աշճեան, Պուտափեշտի Քորվինուս համալսարանէն ստացաւ Միջազգային յարաբերութիւններու արուեստից պսակաւորի վկայականը։ Քորվինուս համալսարանը Կեդրոնական Եւրոպայի առաջատար համալսարաններէն մէկն է։

Անցնող տարիներուն ան իր ուսումը շարունակեց նուիրումով եւ հաստատակամութեամբ՝ յաջողութեամբ համադրելով ակադեմական բարձր առաջադիմութիւնը դիւանագիտութեան ոլորտին մէջ ունեցած փորձաշրջաններուն եւ գործնական փորձառութեան հետ։

Այս հանգրուանը մէկ փուլի աւարտն ու նոր փուլի սկիզբն է։ Ալիք կը պատրաստուի յետբուհական ուսման միջոցով շարունակելու իր ակադեմական ուղին՝ միաժամանակ զարգացնելով միջազգային յարաբերութիւններու ոլորտին մէջ իր մասնագիտական գործունէութիւնը։

Իբրեւ ծնողներ՝ մեր մեծագոյն հպարտութիւնը միայն անոր ստացած վկայականը չէ, այլ այն անձը, որ դարձած է՝ առաջնորդուած ազնուութեամբ, վճռակամութեամբ, համեստութեամբ, սորվելու եւ ուրիշներուն ծառայելու անկեղծ նուիրումով։

Շնորհաւոր, Ալիք։ Քեզի կը մաղթենք յաջողութիւններով լի ճանապարհ եւ լիովին վստահ ենք, որ այս միայն սկիզբն է։

Լաւագոյնը տակաւին առջեւն է։ 🎓»